ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Յուլիս 22ին, Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեան, պաշտօնական այցելութիւն մը տուած է Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան՝ Քահուենկայի Հայ աւետարանական միացեալ եկեղեցիին մէջ: Անոր ընկերացած է Լոս Անճելըսի հայ կաթողիկէ համայնքի նորանշանակ ժողովրդապետ՝ Գրիգոր վրդ. Շահինեան, փոխժողովրդապետ՝ Արմենակ վրդ. Պետրոսեան եւ համայնքային վարչութեան ներկայացուցիչներ: Հիւրընկալ մարմինը կը գլխաւորէր Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան հովիւը՝ վերապատուէլի Յովսէփ Մաթոսեան:
Փոխադարձ ծանօթացումի ընթացքին ստեղծուած է ջերմ մթնոլորտ, որու ընթացքին հիւրնըկալները մօտէն ծանօթացած են հայ կաթողիկէ համայնքի նորանշանակ առաջնորդներուն եւ անոնց ստանձնած պատասխանատուութիւններուն: Տեղի ունեցած են նաեւ խօսակցութիւններ տեղական հայ համայնքն ու եկեղեցիները շահագրգռող նիւթերու շուրջ:
Վեր. Մաթոսեան բարի գալուստի խօսք ուղղած է, յաջողութիւն մաղթելով երիտասարդ հոգեւորականներուն՝ իրենց առքելութեան մէջ, որմէ ետք երկուստեք տրուած են միջհամայնքային գործակցութիւնը սերտացնելու խոստումներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.