ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի, Օգոստոսի 10ին, Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը ընդունեց Քալիֆորնիոյ մէջ գործող ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի փոխտնօրէնուհի Էլլի Անդրէասեանին, կրթական յանձնախումբի ատենապետուհի, դասախօս Սիլվա Քարայեանին, «Նոր Օր» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Մինաս Գոճայեանին եւ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի նախակրթարանի ուսուցչուհի Սեւան Պողոսեան-Տէր Պետրոսեանին:
Ողջունելով հիւրերը, նախարարը ընդգծեց հայապահպանութեան գործին մէջ կրթութեան բնագաւառի նուիրեալներուն մեծ ներդրումը: Ան ներկայացուց նախարարութեան գործունէութիւնն ու յառաջիկայ ծրագիրները, անդրադառնալով Սփիւռքի ներուժի համախմբան նպատակով նախարարութեան կազմակերպած համահայկական մասնագիտական համաժողովներուն (ճարտարապետներու, իրաւաբաններու, սրտաբաններու, լրագրողներու, գործարարներու, եւայլն):
Նախարար Յակոբեան հիւրերուն ծանօթացրեց նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան «Մեր Մեծերը» ծրագիրին, որու շրջանակներուն մէջ իրականացուած են 700էն աւելի միջոցառումներ: Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Սփիւռքի հայ համայնքներուն մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման խնդիրներուն՝ նշելով Սփիւռքի բոլոր հայ համայնքներուն համար մէկ միասնական դասագիրք ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախարարը հիւրերուն նուիրեց նախարարութեան հրատարակած գիրքերէն օրինակներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.