
Շաբաթ, 24 Յուլիս, 2010ին, կարճատեւ հիւանդութենէ ետք, կեանքին հրաժեշտ տուաւ ՀՄԸՄի Լաս Վեկասի «Արցախ» մասնաճիւղի մարզական պատասխանատուներէն, խոստմնալից ՀՄԸՄական Ստեփան Նարեկ Օգնայեանը, խոր վիշտ պատճառելով իր ընտանիքին, հարազատներուն եւ ՀՄԸՄի ընտանիքին:
Եղբ. Ստեփան Նարեկ Օգնայեան ծնած էր 15 Դեկտեմբեր 1983ին, Թորընս, Քալիֆորնիա:
Փոքր տարիքէն յատուկ սէր ունեցած էր երաժշտութեան հանդէպ եւ ինը տարեկանին սկսած էր հետեւիլ դաշնամուրի դասընթացքներու: Կարճ ժամանամիջոցին տիրապետելով դաշնամուրին անվախօրէն մասնակցած էր բազմաթիւ մրցումներու եւ տիրացած էր զանազան մրցանակներու: Ան անվախօրէն կը նուագէր Մոցարթի, Պախի, Շոփէնի, Պեթովէնի, Յարութիւնեանի, Պապաջանեանի դժուարին ստեղծագործութիւնները, հիացմունք պատճառելով իր ունկընդիրներուն: Ան յաճախ ՀՄԸՄի ձեռնարկները կը խանդավառէր իր աշխոյժ նուագներով:
2001ին, պատուոյ յիշատակութեամբ աւարտած էր ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տէմիրճեան երկրորդական վարժարանը, ուր եղած էր աշխատասէր աշակերտ մը, տիրացած էր բազմաթիւ մրցանակներու վայելելով սէրն ու յարգնքը իր դասընկեր-դասընկերուհիներուն եւ դաստիարակներուն:
Համալսարանական ուսումը ստացած էր Պըրքլի համալսարանը, ուր մասնագիտանալով գիտութեան մարզէն ներս, 2006ին ստացած էր պսակաւոր գիտութեանց իր վկայականը՝ Molecular and Cellular Biology ճիւղին մէջ:
Համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք, միացած էր Լաս Վեկասի մէջ բնակութիւն հաստատած իր ընտանիքին եւ կը պատրաստուէր իր ուսումը շարունակել ատամնաբուժական մարզէն ներս:
Լաս Վեկասի մէջ, ան միացած է տեղւոյն ՀՄԸՄի «Արցախ» մասնաճիւղին, իբրեւ մարզիկ, ապա մարզիչը դարձած էր մասնաճիւղի մանչերու պասքեթպոլի խումբին, առաջնորդելով զայն տեղական եւ ՀՄԸՄի միջմասնաճիւղային բազմաթիւ մրցաշարքերու:
Իր ժպիտով, հեզութեամբ եւ միաժամանակ խստապահանջութեամբ, կրցած էր սիրտը գրաւել մարզական իր խումբին եւ մասնաճիւղի պատասխանատուներուն, որոնք մեծ ակնկալութիւններ ունէին միութենական իր ապագայ գործունէութեան նկատմամբ:
Բայց աւա՜ղ, անբուժելի հիւանդութիւնը առիթ չընծայեց մեր սիրելի եղբօր, իրականացնելու կեանքի իր երազները: Մէկ տարի պայքարելէ ետք անողոք իր հիւանդութեան դէմ, 24 Յուլիս 2010ին, ան հրաժեշտ տուաւ կեանքին, իր ետին ձգելով անմոռանալի քաղցր յիշատակներ:
Ստեփան Նարեկ Օգնայեան քաղաքավար ու ազնիւ անձնաւորութիւն մըն էր: Ան միշտ յարգանք եւ գուրգուրանք կը ցուցաբերէր իր շրջապատին: Սիրուած անձնաւորութիւն մըն էր եւ միշտ պատրաստ էր օգտակար հանդիսանալու իր միութեան ու գաղութին:
Եղբօրը մահը ոչ միայն մեծ կոսրուստ եղաւ իր ընտանիքին, այլ նաեւ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին, զոր կորսնցուց խոստմնալից ղեկավար մը:
Եղբօր անմեղ ժպիտը եւ աշխատասիրութեան ոգին միշտ վառ պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ:
Հողը թեթեւ գայ վրադ թանկագին եղբայր:
ՍԳԱԿԻՐ ՀՄԸՄԱԿԱՆ ՄԸ