ԱՆԳԱՐԱ, «Միլլիյէթ».- Անգարայի գլխաւոր դատախազութիւնը նամակով մը արտօնութիւն խնդրած է Թուրքիոյ կառավարութենէն, այդ երկրի գաղտնի սպասարկութիւնը հանդիսացող Ազգային հետախուզական ծառայութեան՝ «ՄԻԹ»ի աշխատակիցները հարցաքննելու համար, 2007ի Յունուարի 19ին սպաննուած Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայազգի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի ոճրագործութեան հարցով:
Հարցաքննութեամբ դատախազութիւնը կ՛ուզէ յստակացնել, թէ գաղտնի սպասարկութեան աշխատակիցները Տինքի նկատմամբ սպանութիւն կազմակերպուելու մասին նախօրօք տեղեակ էին, կամ ոչ:
Նախապէս վարչապետին կողմէ նման տեղեկութեանց պահանջով դիմումի մը իբրեւ պատասխան, գաղտնի սպասարկութիւնը յայտնած էր, թէ այդ մասին տեղեկութիւններ չունի:
Տինիք ընտանիքի փաստաբանները յաճախ քննադատած են իրականութիւնը բացայայտման դէմ դրուող արգելքները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.