ՊԷՅՐՈՒԹ.- «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահը կը շարունակէ համատեղել գաղութի մտաւոր ներուժի ներկայացուցիչներ, հիւրընկալել ինչպէս հայրենի, այնպէս ալ սփիւռքահայ մտաւորականներ՝ քննարկելու համար համազգային խնդիրներ։
«Ազդակ» գոհունակութիւնը ունի յայտնելու, որ այս համախմբումներու իրականացումը քաջալերելու համար «Փիւնիկ» հիմնադրամը սրահը օժտեց խորհրդաժողովներու կազմակերպման համար համապատասխան կահ-կարասիով, ինչպէս նաեւ տեսաերիզներու ցուցադրութեան համար ցուցադրող գործիքով եւ մեծ պաստառով։
Նուիրատուական այս ժեսթերուն միացաւ նաեւ «Այանեան» հաստատութիւնը, որ ստանձնեց սրահին լուսաւորումը։
Պետիկ Հերկելեանի յիշատակի ձեռնարկին կազմակերպման առիթով Հերկելեան ընտանիքը գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ «Ազդակ»ին նուիրելու հայրենի կերպարուեստի 33 նմուշ, որոնք կը պատկանին Եուրոզի, Վահան Ռումելեանի, Վահրամ Դաւթեանի, Էտիկ Բերդեանի, Սուրէն Ոսկանեանի եւ Դաւիթի վրձիններուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.