ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ, Օգոստոս 14ին, երեկոյեան ժամը 7.30ին, Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ, բացօթեայ զետեղուած խորանին վրայ, Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի։ Ս. պատարագը մատուցեց Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, առաջնորդական փոխանորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի:
Ամէն տարուան աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս ժողովուրդը ի՛նք կատարեց Պատարագի սրբազան երգեցողութիւնը:
«Հայր Մեր»էն անմիջապէս առաջ, վեհափառ հայրապետին հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի եւ մատաղօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, երբ երկրի բերքին ու ժողովուրդի ուխտերուն ընծան նուիրուեցաւ Աստուծոյ, յատուկ աղօթքներու ճամբով: Ապա վեհափառը տուաւ իր պատգամը, ներկայ հարիւրաւոր ժողովուրդին: Բազմութեան մէջ մեծ էր թիւը յատկապէս երիտասարդութեան, որոնք յատուկ կապուածութեամբ ու երկիւղածութեամբ մասնակից դարձան Ուխտի օրուան: Հայրապետը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ Ս. Մարիամ Աստուածածնի տիպարին, նախ Նոր Կտակարանին մէջ՝ աստուածաբանական առումով, իբրեւ մայր Որդւոյն Աստուծոյ, եւ ապա իբրեւ աղբիւր բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու:
Ապա անդրադառնալով Հայոց Պատմութեան, ըսաւ որ հայ կնոջ դիմաց իբրեւ տիպար եղած է Մարիամ Աստուածածին: Կաթողիկոսը յիշեցուց որ ներկայ տարին յատուկ կերպով «Հայ Կնոջ տարի» հռչակելով, հայրապետական յատուկ գիրով անդրադարձած է, մարդկութեան կեանքէն ներս կնոջ ներկայութեան ու դերակատարութեան, յատկապէս ծանրանալով հայ կնոջ ներկայացուցած կարեւոր տեղին ու դերին: Վեհափառը, համապատասխանաբար ներկայ ժամանակներու անխտրական ոգիին, յորդորեց վերարժեւորել հայ կնոջ դերակատարութիւնը մեր ժողովուրդի հասարակական կեանքէն ներս, անկախաբար անոր ունեցած անզուգական դերակատարութենէն հայ ընտանիքէն ներս, ինչպէս նաեւ զաւակներու դաստիարակութեան գործին մէջ:
Յայտնենք, որ օր մը առաջ ուխտաւորներու խումբը ներկայ գտնուեցաւ գիշերուան ժամը 8ի հսկումի արարողութեան եւ գիշերեց վանքին մէջ, իբրեւ նախապատրաստութիւն յաջորդ օրուան։ Իսկ ամբողջ օրուան ընթացքին, սկսեալ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ ուշ գիշեր, տեղի ունեցան հայ եկեղեցւոյ եօթ ժամերգութիւնները:
Նոյն գիշեր, հայրապետը հայրապետական ամարանոցի դահլիճին մէջ ընդունեց բոլոր ուխտաւորները, որոնք Լիբանանէն, Սուրիայէն ու Միացեալ Նահանգներէն եկած էին: Կաթողիկոսի Աջահամբոյրի համար ըդնունելով բոլորը, իր օրհնութիւնը բաշխեց անոնց:
Կիրակի, Օգոստոս 15ին կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ եւս Ս. պատարագ տեղի ունեցաւ Վերափոխման Տօնին առիթով։ Ս. Պատարագը մատուցեց, քարոզեց եւ խաղողօրհնէք կատարեց Նորայր եպս. Աշըգեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.