ԱՆԱՀԻՏ ԱՃՈՒՆԵԱՆ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Հայաստանի պաշտպանութեան խորհուրդը հիմնուած է 2005ի Օգոստոս 10ին, վասպուրականցիները ներկայացնող Միացեալ Նահանգներու Վասպուրականի հայրենակցական միութեան ընդհանուր ժողովին որոշումով, սակայն ան կը վերաբերրի ոչ միայն վանեցիներուն, այլ՝ ամբողջ հայութեան: Ապա, անոր միացան ծագումով համշէնցի, կարին-էրզրումցի, մշեցի, սասունցի անդամներ, Իրանէն, Իրաքէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ: 2006ի խորհուրդը որոշեց նշեալ շրջաններու հայութեան ներկայացուցչական մարմինը ըլլալ, իսկ 2007ին, Հայաստանի մէջ գործող «Վասպուրական նոր սերունդ», «Էրզրում», «Համշէն», «Տարօն-Տուրուբերան», «Խնուս» մշակութային հիմնադրամ, Ազգային գաղափարախօսութեան կեդրոն, «Բագրատունիներ» հայրենակցական ու այլ միութիւնները ճանչցած են խորհուրդը:
Խորհուրդը ստեղծուած է Սեւրի խաղաղութեան դաշնագրով եւ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի գծած սահմաններով ու 104,000 քառակուսի քլմ. տարածքով Հայաստանին վերատիրանալու համար:
Այս տարի եւս, ինչպէս իր հիմնադրութենէն ի վեր ամէն տարի, խորհուրդը տօնակատարեց Սեւրի դաշնագրի տարեդարձը (90րդ): Կիրակի, Օգոստոս 8ին, Կլենտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը սկսաւ Տիգրան Կոնանեանի խօսքով, որ մէջ ընդ մէջ յայտագիրը կը համեմէր, սրամիտ ու ազգային ասոյթներով:
Համշէնի պատմականը ըրաւ համշէնահայ Ծաղիկ Գուրունեան, մեծապէս տպաւորելով ներկաները:
Պիթլիսի պատմականը ներկայացուց «Կամարակ» թերթի տէր եւ տնօրէն Յակոբ Մկրտչեան, որ նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի պաշտպանութեան խորհուրդի հիմնադիր անդամներէն մէկն է:
Ապա «Մշոյ Ղարիպներին» երգով ելոյթ ունեցաւ Ներսիկ Իսպրիեանը, որմէ ետք Յակոբ Մկրտչեան երգիչին նուիրեց «Կամարակ»ի վերահրատարակած «Մենաւոր Բազէ» վէպէն օրինակ մը:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Մկրտիչ Սօսիկեան, որ խօսեցաւ «Սեւրի խաղաղութեան դաշնագրի օրինականութիւնը» նիւթին մասին եւ շեշտեց Միացեալ Նահանգներու այդ օրերու նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը: Դաշնագրին պատմականը տալէ ետք, Սօսիկեան շեշտեց, թէ անհիմն է այն պնդումը, թէ Սեւրը ջնջուած է Լօզանի դաշնագրով, որովհետեւ մինչ Սեւրը ստորագրած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնները, երկրորդը ստորագրուած է միայն Թուրքիոյ կողմէ եւ ըստ Մայիս 23, 1969ին, Վիեննայի համագումարին մէջ ստորագրուած համաձայնագրի պայմաններուն, ի զօրու կը մնայ Սեւրի դաշնագիրը: Ան նաեւ աւելցուց, թէ Լօզանի մէջ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի սահմաններուն մասին խօսք չկայ, «ուրեմն իրաւարարական վճռագրով հաստատուած Արեւմտեան հայաստանի 40,000 քառ. մղոն հողատարծքը դուրս կը մնայ Թուրքիոյ սահմաններէն»:
Ապա, տարագիր ծնողներու զաւակ՝ բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեան ասմունքեց արձակ բանաստեղծութիւն մը, ներկաներուն գնահատանքին արժանանալով:
Վասպուրականի պատմականը ներկայացուց Վարուժան Մուրատեան, որ շեշտեց յատկապէս Խրիմեան Հայրիկի հիմնած գիշերօթիկ վարժարանի կարեւորութիւնը, որովհետեւ անոր սաներէն շատեր դարձան մտաւորական գործիչներ եւ հերոս մարտիկներ:
Յայտագիրը շարունակուեցաւ Արա Սահակեանի կատարողութեամբ՝ «Իմ հայրենիք Վան» երգի ներկայացումով, ու արժանացաւ որոտընդոստ ծափահարութիւններու:
Ապա, երիտասարդ համալսարանական ուսանող Սարօ Հառուն բեմ բարձրացաւ, հայերէնով ներկայացնելով Էրզրումի հայոց պատմականը, որմէ ետք Վագօ Նազար երգեց «Ձայն մը հնչեց»ը, դաշնամուրի վրայ նուագակցութեամբ՝ Յովիկ Ոսկանեանի։
Ձեռնարկի կազմակերպիչները յաջողեցան հանրութեան ներկայացնել Սեւրի դաշնագրի հայանպաստ դրոյթները եւ հայութեան հրամայականներրը: