ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Ճամբայ ելած եմ դէպի Ֆրեզնօ, Ամերիկայի Քալիֆորնիա արեւմտեան նահանգի, մօտ կէս դար առաջ հայահոծ շրջան:
Թէեւ անհամբեր տեղ հասնելու, սակայն տարուած եմ անմոռանալի յիշողութիւններով…
Երբ դեռ պատանի՝ տօնական օրերուն, հայրս խանդավար կ՛երգէր.
«Թալէաթ փաշան փախաւ Պերլին,
Թեհլիրեանը հասաւ ետին,
Զարկեց ճակտին, փռեց գետին,
Գինի լի՛ց, ախպեր ջան, գինի լի՛ց,
Խմողա՛ց անուշ…»:
Ու երգի վերջը իր հերոսի կենացը կը խմէր՝ «արդար բազկի՛դ մատաղ» ըսելով:
Իսկ այլ առիթներով, մեր դրացի տղոց շուրջը հաւաքած, կը պատմէր ինչպէ՜ս դեռ «իր պեխն ու մօրուքը նոր բուսած Սողիկը», մեր ժողովուրդի ցեղասպան ոճրագործին «շան սատակ ըրաւ»: Ու մեր մանկական աշխարհը կ՛ալեկոծէր:
Ապա, երբ «ի՛մ պեխն ու մօրուքը բուսան», դպրոցական արձակուրդներուն լափել սկսայ մեր ազատագրական շարժման պատմութիւններու ու դէմքերու գիրքեր, ճանչցայ մեր ազգային հերոսները…:
Ու այսօր ահա, երկար տարիներու երազ մը կ՛իրականանայ:
Ճամբայ ելած եմ Ֆրեզնօ երթալու, հո՛ն, ուր կը հանգչի այդ հերոսներէն մին՝ հօրս պատմածներու դիւցազնը՝ «Սողիկ»ը:
1881ին, Սերոբեան եղբայրներու ապա իրենց հարազատներու հարթած ճամբով Ֆրեզնօ հաստատուողները սկիզբը կը դնեն 1896ի, 1909ի եւ 1915ի ջարդերէն վերապրածներէ կազմուող գաղութին: Երկրի արեւմտեան ափերու հայաշատ համայնքը կը կազմուի: Հո՛ս կը հաստատուի նաեւ ու իր վերջին տարիները կ՛անցնէ մեր ժողովուրդի պաշտպան հերոս զօրավար Անդրանիկը, ուր եւ կը թաղուի տեղւոյն Արարատ գերեզմանատան կեդրոնը:
Թալէաթի վրէժխնդրական գործողութեան նշանաւոր դատավարութեամբ ազատ արձակուած, ժամանակ մը Եւրոպա մնալէ ետք, նմանապէս Ֆրեզնօ կու գայ ապրելու հայ վրիժառու զաւակը՝ Սողոմոն Թէհլիրեան: Երբ մահացաւ 1960ին, զօրավար Անդրանիկի աճիւնները Ֆրեզնոյէն փոխադրուած էր Փարիզ, անկէ հայրենի սուրբ հողին յանձնելու իր բաղձանքին համաձայն, որ սակայն ապազգային իշխանութիւնը չարտօնեց, որով կրկին օտար հողին յանձնուեցաւ, այս անգամ Փարիզի «Փեռ Լաշեզ» գերեզմանատան մէջ: Զօրավարի շիրիմին թաղուած տեղը Արարատ գերեզմանատան մէջ՝ Ֆրեզնօ, երկար ժամանակ մնաց անարժան ուրիշ որեւէ հանգուցեալի թաղման: Միայն Սողոմոն Թէհլիրէանի վախճանման պահուն, ազգային հերոսը այդտեղ հանգչելու իրաւունքին տիրացաւ:
Շիրիմի յուշարձանը, բարձր սիւնի մը գլխին, թեւերը լայն բացած արծիւ մը օձի գլխէն բռնած զգետնած է զայն…
Զգաստացած, լուռ կը մօտենամ խորհրդաւոր յուշարձանին, որու ճակատին փակցուած է փլաք մը ուր կը կարդամ. «Կառուցուեցաւ յուշարձանս նուիրատուութեամբ հայ ժողովուրդին, ի յիշատակ ազգային հերոս Սողոմոն Թէհլիրեանի, որ Մարտ 15ին Պերլինի մէջ ահաբեկեց հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան Թալիաթ փաշան՝ թուրք դահիճը եւ գլխաւոր պատասխանատուն 1915ի Ապրիլեան Եղեռնի մէկ ու կէս միլիոն հայ նահատակներուն»:
Ձեռքիս ծաղկեփունջը տեղ զետեղելէ, բուռ մը խունկ ծխելէ ու աղօթելէ յետոյ, վայրկեան մը խոնարհած կը մնամ ազգային հերոսի շիրիմին առաջ, ու իմ կարգին կը շշնջեմ հօրս արտասանած կենաց խօսքը. «արդար բազկի՛դ մատաղ»…: