ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի դէմ 1915-1923 գործադրուած ցեղասպանութեան ժխտումը Թուրքիոյ պետական քաղաքականութեան օրակարգին եղած է հանրապետութեան հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ:
Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու արդարահատոյցը կրնային հետեւիլ Պոլսոյ մէջ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի աւարտէն անմիջապէս յետոյ օրին իր պարտութիւնը ընդունած Օսմանեան կառավարութեան նախաձեռնած դատական գործընթացի լրումով: Եթէ, ինչպէս Պատերազմի ժամանակ Դաշնակիցները սահմանած էին, հայութեան դէմ գործադրուած «մարդկութեան դէմ ոճիր»ի պատասխանատուները դատապարտուէին, Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ի՛նչ բանաձեւումով ալ որ տեղի ունենար, քաղաքական որոշումի ու գործադրութեան խնդիր էր: Անշուշտ, պատմութեան նման «հակա-իրողական» (քաունթըրֆաքչուըլ) վերանկատառում պիտի ենթադրէր նաեւ քաղաքական այդ նախաձեռնութեան տէր կանգնող – հայկական անկախ պետականութիւն, կամ, անոր բացակայութեան, Դաշնակիցներու յանձնառութիւն: Բայց այդ արդէն ուրիշ վերլուծում է:
Իրողութիւնը այն է, որ քեմալականները իրե՛նք էին, որ նախաձեռնեցին զինուորական ատեանի ձախողութեան եւ հարցին վրայ լռութեան ու մոռացումի ծածկոցի զետեղման: Դաշնակիցներու եւ խորհրդային իշխանութիւններու մեղսակից գործակցութեամբ եւ նորաստեղծ, կամ ստեղծման գործընթացի մէջ գտնուող, Հայաստանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան օրուայ ղեկավարներու կամայ թէ ակամայ համակերպումով:
Աւելի՛ն, Ցեղասպանութեան ժխտումը թրքական հանրապետութեան ինքնութեան գաղափարախօսական ենթահողն է: Նախ, որովհետեւ քեմալական Թուրքիան ստեղծուեցաւ Սեւրի Դաշնագրին հաշւոյն, հայութենէ պարպուած Արեւմտահայաստանի թրքացումով: Երկրորդ, քեմալականները իրե՛նք շարունակեցին իթթիհատականներու սկսած գործը՝ Թուրքիան «մաքրազերծելով» ոչ-թուրք տարրերէ, ի մասնաւորի՝ յոյներէ: Այդ քաղաքականութիւնը, անհրաժեշտ է ընդգծել, շարունակուեցաւ քեմալական ամբողջ ժամանակաշրջանին. անոր փաստացի երեւոյթներն են, ի մէջ այլոց, քիւրտ բնակչութեան դէմ հալածանքը, հակասեմականութեան տարածումը, Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի ժամանակ փոքրամասնութիւններուն վրայ դրուած յատուկ հարկային դրութիւնը, 1955ին յոյն եւ հայ քաղաքացիներու վաճառատուներու վրայ կատարուած յարձակումերը: Երրորդ, քեմալական ծրագիրը ինքնին, թրքական ազգ-պետութեան ստեղծում, իր էութեամբ փանթրքական գաղափարախօսութեան հետ սերտօրէն առընչակից է, թէեւ զանց առած է անոր կայսերական հեռանկարները եւ արտաքին ուղղուածութիւնը շրջած է դէպի Արեւմուտք – Եւրոպա: Այս իմաստով, պարզ է, քեմալականութիւնը Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի յաջորդած եւ, ապա, Պաղ Պատերազմի ստեղծած միջազգային իրավիճակին նկատառման իմաստով, իրապաշտ քաղաքականութիւն է, ինչ որ, սակայն, զայն զերծ չի պահեր ազգայնամոլութենէ եւ անոր ենթադրած ծայրայեղականութենէն: Փաստօրէն, Մուսթաֆա Քեմալ ինք շրջապատուած էր նախքին փանթուրքիստներով եւ անոնց թէզերն է որ ներմուծեց Թուրքիոյ արդիականացման եւ արեւմտականացման իր ծրագրին մէջ:
Մինչեւ 1965 թրքական ժխտողականութիւնը արտաքին ակտիւ քաղաքականութեան վերածուելու անհրաժեշտութիւնը չէր զգացած: Այնքան ատեն, որ չկար միջազգային մասշտապով հայկական պահանջատիրութիւն, այնքան ատեն որ միջազգային բեմին վրայ կը «յարգուէր» Ցեղասպանութեան մասին լուռ մնալու իր պահանջը, թրքական ժխտողականութիւնը դիւանագիտական գործառոյթի վերածուելու ճիգ ընելու հարկ չէր զգար: Ցեղասպանութեան յիսունամեակէն յետոյ, եւ դէմ յանդիման Հայ Դատի աշխատանքներու աշխուժացման, Անգարա ստիպուած եղաւ ժխտումի քաղաքականութեան տալ նախաձեռնողական բնոյթ: Հետեւաբար, անիկա ծրագրուեցաւ ընդհանուր ռազմավարութեան մը ոլորտին մէջ որպէս հիմնական նպատակ ունենալով սփիւռքեան գործօնի չէզոքացումը: Այս նկատառումը կարեւոր է, որովհետեւ հասկնալի պատճառներով օրին Խորհրդային Հայաստանի մէջ Ցեղասպանութեան հիմնախնդիրով ծայր առած գործընթացը, ի մասնաւորի ակադեմական շրջանակներու մէջ, նպատակաուղղուած էր ներազգային եւ, լաւագոյն պարագային, խորհրդային հանրային կարծիքին եւ չունէր միջազգայնացման հեռանկար կամ կարելիութիւն: Թէ այդ կացութիւնը որքանով փոխուած է Հայաստանի անկախացումէն ի վեր՝ առանձին քննարկման նիւթ է:
Թրքական ժխտողութեան տարբեր հանգրուանները, կամ, քաղաքական նախաձեռնութեան բառապաշարով՝ ժխտումի ռազմավարութեան մարտավարական փուլերը, վերլուծուած եւ բացայայտուած են Ցեղասպանութեան հարցին միջազգային հնչեղութիւն տուած սփիւռքահայ պատմաբաններու եւ ցեղասպանագէտներու աւագ սերունդին կողմէ: Այսօր գիտենք որ ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը ունի համընդհանուր բնոյթ եւ բաղդատելի է, օրինակի համար, հրէական Ողջակիզման վերատեսութեան փորձերուն հետ:
Ինչ որ, անշուշտ, անհրաժեշտ է վերլուծել՝ ազատ ու անկախ Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ սփիւռքեան այն ժամանակ աւելի քան երկու տասնամեայ ձեռքբերումներու, ուսումնասիրութիւններու անտեսումն է: Այն ինչ Սփիւռքի պատմաբաններն ու ցեղասպանագէտները իրականացուցին ակադեմական շրջանակներու մէջ եւ Հայ Դատի պայքարը օգտագործեց Ցեղասպանութեան հիմնախնդիրը միջազգային օրակարգին դնելու համար բոլոր այն սահմանափակումներով, որ հայկական սփիւռքեան կազմակերպութիւնները, որպէս ոչ-պետական կազմակերպութիւններ, անխուսափելիօրէն կը դիմագրաւէին, անկախ Հայաստանի պետական քաղաքականութիւնը Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրերէն իսկ պարզապէս անտեսեց, որովհետեւ առաջնահերթութիւնը տուաւ «առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ»ու առաձգական ու վտանգաւոր սկզբունքին: Այդ կացութիւնը մինչեւ օրս իր էութեամբ չէ փոխուած:
1995էն սկսեալ թրքական ներազգային իրականութեան մէջ յայտնուած իսլամական գործօնը, որ ի մասնաւորի 2002էն յետոյ ինքզինք ամրագրեց ճարպիկօրէն օգտագործելով ժողովրդավարութեան պիտակը, առիթ տուաւ թրքական հասարակութեան եւ ակադեմական շրջանակներու մէջ անցեալէն աւելի համարձակ կերպով քեմալական շինծու պատմութիւնը հարցականի տակ դնելու ի խնդիր ճշմարտութեան բացայայտման: Այդ յանդուգն եւ ողջունելի իրադարձութիւնը անխուսափելիօրէն օրակարգի բերաւ Ցեղասպանութեան հարցը: Այդ մէկը սակայն չի նշանակեր որ պետական ժխտողական քաղաքականութիւնը փոխուած ըլլայ, կամ փոփոխութեան անմիջական հեռանկարներ ունենայ: Ընդհառակը, 2005ին Օզալի կողմէ առաջարկուած «պատմաբաններու յանձնաժողով»ը ինչ որ չափով նաեւ հակազդեցութիւն է իր կուսակցութեան քաղաքականութեան թերեւս չնախատեսած ա՛յս հետեւանքին՝ թուրք պատմաբաններու կողմէ Ցեղասպանութեան հիմնախնդրին մասին ակադեմական հետաքրքրութիւն: Բայց ակադեմական հետաքրքրութիւններն ու քաղաքական առաջադրանքները անպայմանօրէն նոյն ժամանակները չունին:
Աւելի՛ն՝ թրքական ժխտողականութեան «պատմաբաններու յանձնաժողով»ի ներկայ հանգրուանին հիմնական նպատակը կրնայ ըլլալ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ճամբով տնտեսական կախուածութեան այնպիսի կացութեան մը ստեղծումը, որ այլեւս Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութեան հաստատագրումը դադրի քաղաքական «սպառնալիք»ի վերածուելէ… Այս տրամաբանութեամբ պէտք է տեսնել ժխտողականութեան հետեւողականութիւնը եւ անոր ներկայացուցած սպառնալիքը հայկական լինելութեան: