ՄՈՍԿՈՒԱ.- Քրեմլինի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Տմիթրի Մետվետեւի եւ Ապտուլլահ Կիւլի միջեւ Երկուշաբթի, Օգոստոս 23ին տեղի ունեցած է հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին անոնք քննարկած են Անդրկովկասի մէջ իրադրութիւնը։
Ըստ կայքէջին, զրոյցի ընթացքին կողմերը քննարկած են Ռուսիոյ նախագահի Թուրքիա կատարած պաշտօնական այցելութեան իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքը, ինչպէս նաեւ մտքեր փոխանակած են Անդրկովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդմանն ուղղուած երկու երկիրներու ջանքերու համակարգման վերաբերեալ։
Ռուսիոյ նախագահը Ապտիւլլա Կիւլին նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ մէջ բռնկուած անտառային հրդեհներու դէմ պայքարին աշխատանքներուն Թուրքիոյ ցուցաբերած աջակցութեան համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.