ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը Երկուշաբթի, Օգոստոս 23ին հաղորդած է, թէ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանը արդէն իսկ իր որոշումը տուած է Հրանդ Տինքի սպանութեան առնչութեամբ բացուած դատին մէջ, եւ դատապարտած է Թուրքիան երկու յանցանքներով՝ նախ 301րդ յօդուածի լոյսին տակ Տինքը դատապարտելու համար, ապա Տինքի ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար բաւարար քայլերու չդիմելուն համար, հակառակ անոր, որ ոստիկանութիւնը գիտէր, թէ Տինքը սպաննելու ծրագիր կը մշակուէր:
Ըստ թերթին, ատեանը իր որոշումը պիտի հրապարակէ Սեպտեմբեր ամսուան մէջ։ Թերթը կը նշէ նաեւ, որ այս դատավարութեան մէջ Թուրքիոյ կողմէ ղրկուած ինքնապաշտպանութիւնը բաւարար չէ եղած եւ նոյնիսկ ամօթալի նկատուած է շատերու կողմէ, քանի որ ինքնապաշտպանութեան մէջ Թուրքիա ատեանէն կը պահանջէր, որ իբր օրինակ ընդունուէր նախապէս նացիական քարոզչութիւն ըրած մէկու մը մասին բացուած դատէն:
Յայտնենք, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Շաբաթ օր անակնկալ հանդիպում մը ունեցած էր Հրանդ Տինքի եղբօր՝ Խոսրովի հետ, քննելու համար ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու միջոցները: Խոսրով Տինք անցեալ շաբաթ պահանջած էր Թուրքիայէն, որ ջնջէ 301րդ յօդուածով Հրանդ Տինքին դէմ վճիռը: Հանդիպման մասին մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.