ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ուրբաթ, 20 Օգոստոսի երեկոյեան, Երեւան-Պէյրութ թռիչքով Լիբանան ժամանեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան՝ մասնակցելու համար Մուսա լերան հերոսամարտի 95ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 70ամեակի տօնակատարութիւններուն։
Պէյրութի միջազգային օդակայանի պատուոյ հիւրերու սրահին մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը եւ անոր ընկերակիցները ընդունուեցան լիբանանահայ համայնքը ներկայացնող հոգեւոր թէ աշխարհիկ ներկայացուցիչներու կողմէ։ Անոնց շարքին էին ճարտարարուեստի նախարար Աբրահամ Տէտէեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Արթուր Նազարեան, երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Լիբանանի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ հայր Վարդան եպս. Աշգարեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ատենապետ վեր. «Սողոմոն Քիլաղպեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան, ՀՅԴի, ՌԱԿի եւ ՍԴՀԿի Լիբանանի պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Մուսա լերան հերոսամարտի 95ամեակի եւ Այնճարի, հիմնադրութեան 70ամեակի յոբելենական կեդրոնական մարմնի ներկայացուցիչներ։
Իսկ Շաբաթ, Օգոստոս 21ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, նախագահ Բակօ Սահակեան Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցչութիւն այցելեց. անոր կ՛ընկերակցէր Լեռնային Ղարաբաղի կրթութեան եւ մշակոյթի նախարար Վլատիկ Խաչատրեան։
Հանդիպումին նաեւ ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, քաղաքական-հասարակական գործիչներ, ինչպէս նաեւ պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան, որ նշեց, թէ «Արցախ ֆոնտ»ը Արցախի վերականգնման ու վերաբնակեցման աշխատանքներուն մէջ ունեցած է իր մեծ ներդրումն ու կազմակերպուած գործունէութիւնը։
Ապա նախագահ Բակօ Սահակեան «Արցախ ֆոնտ»ի ներկայացուցիչ Մելքոն Յակոբեանին յանձնեց «Երախտագիտութիւն» մետալը՝ առ ի գնահատանք ֆոնտին գործունէութեան։
«Արցախ ֆոնտ»ի պարգեւատրման հանդիպումէն ետք, նախագահ Բակօ Սահակեան, ընկերակցութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներու, շրջագայեցաւ Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղամասերուն մէջ, ապա այցելեց ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբ։
Նոյն օրը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընդունեց նախագահ Բակօ Սահակեանը: Նախագահին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:
Նախագահ Սահակեան մայրավանք մուտք գործելով՝ ՀՄԸՄի սկաուտական կարգապահ շարքերէն անցնելով բարձրացաւ վեհարան, ուր ողջունուեցաւ վեհափառին կողմէ: Ապա, վեհափառը եւ նախագահը գլխաւորեցին թափօրը՝ ուղղուելով դէպի Ապրիլեան նահատակաց մատուռը, որ առաջինն է հայաշխարհի մէջ 1915ին զոհուած անմեռ նահատակներու յիշատակին կառուցուած: Նախագահը ծաղկեպսակ զետեղեց այնտեղ, ապա վեհափառին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Վեհարանի դահլիճին մէջ կայացած հանդիպման ներկայ գտնուեցան միաբան հայրեր, Ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական եւ քաղաքական ժողովներու անդամներ, Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, պետական երեսփոխաններ եւ նախարարներ, քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ եւ ազգային զանազան կառոյցներու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Վեհափառը իր պաշտօնական խօսքին մէջ վեր առաւ հերոսական Արցախի ճամբով հայ ժողովուրդի երազներուն, տեսիլքներուն ու ձգտումներուն կենսագործման երեւոյթը, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդման անժամանցելիութիւնը: Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ պիտի մնայ զօրավիգ Արցախի գոյապայքարին եւ նահատակներու արիւնով ոռոգուած նուիրական հողերու ամբողջականութեան:
Վեհափառը յատկապէս ընդգծեց, որ «Արցախի հետ ըլլալը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ սփիւռքահայութեան համար միայն զգացական ապրում չէ՛ եղած, այլեւ՝ ամբողջական զօրակցութիւն:
Նախագահ Սահակեան երախտագիտական խօսքով պատասխանեց վեհափառին խօսքին, նախ իր ուրախութիւնը յայտնելով, որ առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուի Լիբանանի մէջ եւ սփիւռքահայութեան հոգեւոր մեծագոյն կեդրոնին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յարկին տակ:
Ապա, նախագահ Բ. Սահակեան անդրադարձ կատարեց Արցախի ազատագրական պայքարի մօտաւոր անցեալի պատմութեան, յատկապէս այն իրագործումներուն, որոնց շնորհիւ հայրենի հողի այդ մասնիկը վերադարձած էր իր իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին: Նախագահ Սահակեան նաեւ խօսեցաւ ապագային կատարուելիք իրագործումներուն մասին, «որոնք ձեր աջակցութեամբ պիտի կարենանք իրականացնել ապագայում», նշեց ան: Նախագահը նաեւ յիշեց սփիւռքահայութեան ու յատկապէս լիբանանահայութեան բերած նպաստը «Արցախ Ֆոնտ»ին ճամբով, որուն իր գնահատանքը յայտնեց հրապարակաւ:
Վեհարանին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական ընդունելութենէն ետք, մայրավանքի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ՝ նախագահութեամբ վեհափառին, ի պատիւ նախագահ Սահակեանին եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան:
Նախագահ Սահակեան, կէսօրէն ետք ժամը 3ին, այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) կեդրոնատեղի՝ ընկերակցութեամբ ԼՂՀի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Վլատիկ Խաչատրեանի, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանի։
ՄԱՀԱԵՄի կեդրոնատեղիին մէջ նախագահ Սահակեան ընդունուեցաւ միութեան կեդրոնական մարմնի ատենապետ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանի կողմէ։ Վերջինս նախագահ Սահակեանին յանձնեց ՄԱՀԱԵՄի մետալը՝ ներկայութեամբ ՄԱՀԱԵՄի կեդրոնական մարմնի անդամներու, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ հոգեւոր հովիւներու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.