
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Երիտասարդական ջոկատներու Գիւմրիի ճամբարներուն մասին իր տպաւորութիւնը, Օգոտոս 18ին, համացանցին յանձնցած ծրագիրի խորհրդականներէն Նորա Կայսերեան կը գրէ, թէ երբ նոր Հայաստան ժամանած էր, չէր տատամսած պատախանելու, թէ հայրենք կը գտնուի օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով, երբ իր խօսակիցը հարց տուած էր, թէ ինչո՞ւ այս ամառ Հայաստան կը գտնուի:
Սակայն, ան աստիճանաբար նկատած է, թէ հակառակն է, որ տեղի կ՛ունենայ, այսինքն, Հայաստանն է, որ իրենց կ՛օգնէ:
«Նախապէս երկու անգամ Հայաստան այցելած էի ու հայկական թերթերուն հետեւելով ու նախորդ տարիներու Երիտասարդական ջոկատներու տպաւորութիւնները կարդալով կը կարծէի, թէ շատ բան գիտէի հայրենիքիս մասին, սակայն հիմա կը նկատեմ, թէ որքան սխալած եմ», կը գրէ ան, աւելցնելով, թէ վեց շաբաթ Հայաստան մնալը ու ամէն օր տեղացիներուն հետ անցնելը նոր իրականութիւններ պարզած են իր առջեւ:

Ան կ՛աւելցնէ, թէ այցելութեան ընթացքին առիթ ունեցած է տեղւոյն ՀՅԴի ու անոր երիտասարդական կազմակերպութեան անդամներուն հետ խորհրդակցելու, իրարու հետ բաժնելով իրենց փորձառութիւնները: Միաժամանակ, ան նոր կապեր հաստատած է տեղացի ընտանիքներուն հետ:
«Անոնց, որոնք կը ծրագրեն Հայաստան այցելել, կ՛ուզեմ ըսել, թէ անպայման Երեւանէն դուրս եւս ճամբորդեցէք, ուր պիտի տեսնեք իսկական եւ անտեսուած Հայաստանը», կը յանձնարարէ Նորա Կայսերեան:
