ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Օգոստոս 26ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Կլենտէյլի «Ապրիլ» գրախանութին մէջ տեղի պիտի ունենայ Խորէն Արամունիի «Խրամատից Դուրս» վէպի ներկայացումը: Գիրքը պիտի ներկայացնէ փրոֆ. Օշին Քէշիշեան:

«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205:
Տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն, իսկ մուտքը ազատ է:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին, ապա գիրքը գնելու համար այցելել՝ www.abrilbooks.com/books/11734.html համացանցային կայքէջը: