ՌՈԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ
Մենք երանի՜ կու տանք Ցեղասպանութեան չենթարկուած ազգերուն եւ ժողովուրդներուն, որովհետեւ անոնք երբեք չեն դիմագրաւեր մեր անպատմելի վիշտն ու տառապանքը։
Շուրջ հարիւր տարի առաջ էր, երբ Մեծ Եղեռնը խլեց Արեւմտեան Հայաստանի մեր ծննդավայրերու հայ բնակչութեան մեծ զանգուածը՝ մէկ եւ կէս միլիոն ջարդով մը, անոր մտաւորականութեան գրեթէ ամբողջութեան ոչնչացումով, իսկ վերապրողները՝ հայուն բեկորները, տարտղնուեցաւ աշխարհով մէկ։
Եւ կարաւանը՝ օրօր ու շորոր, զնգում էր առաջ ու ետ չէր նայում…
Միջին Արեւելք՝ պատմական Պաղտատը եւս դարձաւ հայ բեկորներու հանգրուան։ Եւ հայը իր հետ տարաւ Եղեռնի հորձանուտի մէջ կորսուած իր ծննդավայրին քաղցր յուշն ու յիշատակը եւ մեր պապենական օճախին կայծը, ու օտար երկնակամարի ներքոյ ճարտարապետ հայու միտքով ու ձեռքերով անապատը դարձաւ ովասիս՝ Հայ կեդրոններով ու մշակոյթով։
Տարիները կը գալարուին, կու գան նոր սերունդներ, կը ստեղծեն իրենցը՝ նորը, կը կուտակեն, ապա սակայն
Այս անգամ, Պաղտատի քաղաքական անկայունութիւնը իր ճամբան ճեղքեց անապատէն ծով. ոսկէփրփուր ծիրանին պսակադրած իր բիւր պատրանքներով անրջուած, կը հաստատուին խաղաղական ափերուն…
Արագիլը բոյն կը շինէ, եւ կը շինէ եւ կ՛երգէ…
Նախ թիւով քիչ, ապա իրաքահայ հոծ բազմութիւնը քով քովի գալով կը կազմաւորէ Քալիֆորնիոյ հայ երիտասարդաց միութիւնը: «ՀԱՅ» մնալու կարգախօսով, կը հիմնէ իր կեդրոնը, որուն դռները բաց են բոլոր հայութեան առջեւ, առանց ազգապատկան որեւէ զատորոշման։
Ինչպէս ամէն հայրենակցական միութիւն, նոյնպէս ալ Իրաքահայ միութիւնը կազմուած է վարչութենէ, յանձնախումբերէ: Ունի շուրջ 400 անդամ, կ՛ունենան ընդհանուր ժողովներ, հաշուետութիւններ, քննարկումներ: Նոր վարչութիւնը կ՛ընտրուի ամէն տարի, համաձայն միութեան ծրագիր-կանոնագիրի։
Անդամակցական սակերէն, տարեկան օրացոյցի լոյս ընծայումէն, պարահանդէսներէն, շրջապտոյտներէն եւ այլ ձեռարկերէ եկած շահոյթը եւ միութեան բարերարները ու նուիրատուները կ՛ապահովեն միութեան ծախսերը, ինչպէս նաեւ կը հրատարակուի գունաւոր «Լրատու» պարբերաթերթը, որ ունի իր հովանաւորը:
50 եւ աւելի էջերէ բաղկացած այս թերթին մէջ կը ներառնուի տարուան ընթացքին ՔՀԵ միութենէն ներս տեղի ունեցած ժողովներու, հանդիպումներու, խրախճանքներու, դասախօսութիւններու լուրերը եւ այլ տեղեկատուութիւններ, երկլեզու՝ հայերէն եւ անգլերէն։ Բաժին մը յատկացուած է մեր մշակոյթի լաւագոյն էջերուն, նաեւ՝ առողջպահական եւ տիկնանց էջերով կը յագեցնէ ընթերցողներու ծարաւը։
1991էն ի վեր քով քովի եկած անդամներ, որոնք կը խանդավառեն իրենց զանազան հանդիպումները իրենց ուրախ երգերով, նոր միտք մը յղացան՝ ունենալ երգչախումբ մը եւ զայն անուանակոչել՝ «Կոմիտաս»։
Քալիֆորնիոյ հայ երիտասարդաց միութեան վարչութիւնը, ի մտի ունենալով իր գերագոյն նպատակը՝ զարկ տալ հայ մշակոյթի զարգացման, մեծ ջանք տանելով, քառաձայն երգչախումբ մը կազմելու երազը իրականացուց, խմբավար Կոմիտաս Քէշիշեանի ղեկավարութեամբ: Սկսելով երեսուն անդամներով, երգչախումբը հետագային թիւով աւելի մեծցաւ, նախ՝ մասնակցելով միութեան հիմնադրուդեան 15րդ ամեակի առիթով կազմակերպուած գեղարուեստական երեկոյին, իսկ անդրանիկ համերգը հրամցուց Նոյեմբեր 16, 2008ին, ուր հոծ բազմութեան ծափողջոյնները վկայեցին երգչախումբին համախմբող ուժին յաջողութիւնը։
Հայ երգը անբաժան ուղեկիցը եղած է հայ մարդուն մեր պատմութեան բոլոր հանգրուաններուն, միշտ եւ ամէն տեղ, աշխարհիս չորս ծագերուն։ Հայ շինականը դարեր շարունակ «Հորովել»ներով հերկած է խոպան արտերը, «Ձիգ տուր, քաշի»ներով խթանած ու խրախուսած է իր եզը, հայ պանդուխտը «Կռունկէն» սպասած է խապրիկ մը, հայրենաբաղձ հայը «Հայաստան, երկիր դրախտավայր» կանչելով մեղմած է իր կարօտը, հայ զինուորը «Ամենայն տեղ մահը մին է» երգելով նետուած է կռուի դաշտ։
Ահա, խմբավար Կոմիտաս Քէշիշեանը իր յայտագիրներուն մէջ ներառած է հայ երգը, քաջ գիտակցելով, որ ՀԱՅ ԵՐԳԸ հաւաքական գիտակցութիւնն է հայութեան։
Հեռու հայրենի հարազատ երկրէն, օտար ափերու վրայ, շրջապատուած անհամար վտանգներով, բայց հայու անընկճելի կամքով, միութիւնը, համայն հայութեան հետ կը շարունակէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը։