ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Վերջին տարիներուն ամերիկահայերը շարք մը հայցեր ներկայացուցին Միացեալ Նահանգներու դատարաններուն մէջ ընդդէմ՝ ապահովագրական ընկերութիւններու, դրամատուներու եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան՝ փոխհատուցում պահանջելով 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով առաջացած կորուստներու դիմաց:
Առաջին անգամ ըլլալով, Սեպտեմբերի 15ին, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ) լսումներ պիտի կայանան հայ ընտանիքի մը՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան դէմ ներկայացուած հայցին գծով, արցախեան հակամարտութեան ընթացքին անոնց կրած վնասներուն համար: Ուշագրաւ է, որ նոյն օրը ՄԻԵԴի մէջ նոյնպիսի հայց մը պիտի քննարկուի, զոր ներկայացուցած են խումբ մը ատրպէյճանցիներ ընդդէմ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան (Չիրագով եւ ուրիշներ ընդդէմ Հայաստանի):
Հիւսիսային Արցախի Շահումեանի շրջանի Գիւլիստան գիւղի նախկին բնակիչ Մինաս Սարգսեան, 2006, Օգոստոս 11ին ներկայացուցած է հայց մը՝ իր տան աւերման եւ իր տունէն արտաքսման հարցով: Սարգսեան իր հայցին մէջ նշած է, որ ներկայիս ուրիշ անձ մը, հաւանաբար ատրպէյճանցի, կ՛ապրի իր տան մէջ: Ճիշդ է որ Սարգսեան տարի մը առաջ մահացած է, սակայն անոր այրին եւ երկու զաւակները կը շարունակեն հետամուտ ըլլալ սոյն դատական գործին: Սովորաբար, ՄԻԵԴի մէջ կուտակումներու պատճառով, քանի մը տարի կը տեւէ մինչեւ գործի լսումներու ժամանակի ճշդումը: Սարգսեաններու ընտանիքի շահերը Դատարանէն ներս պիտի ներկայացնեն «Իրաւական ուղեցոյց» հասարակական կազմակերպութեան անդամներ, փաստաբաններ Նարինէ Գասպարեանը եւ Քնարիկ Օհանեանը՝ Երեւանէն եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերու յայտնի իրաւաբան, փրոֆ. Ֆիլիփ Լիչ՝ Լոնտոնի Մարդու իրաւունքներու շահերու պաշտպանութեան եւրոպական կենդրոնէն:
Շահումեանի շրջանը կը գտնուի նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի հիւսիսային սահմանին կից: Մինչեւ արցախեան հակամարտութիւնը, Շահումեանի շրջանի աւելի քան 80 տոկոսը հայեր էին: 1992ին ատրպեճանական ուժերու կողմէ Գիւլիստանի ռմբակոծումի ընթացքին Սարգսեաններու երկյարկանի տունը քանդուած է: Ռմբակոծումի պատճառով, գիւղի ամբողջ հայ բնակչութիւնը՝ իրենց կեանքի անապահովութեան սպառնալիքին տակ՝ փախած են գիւղէն, ըստ ՄԻԵԴի «Փաստերու արձանագրութեան» ամփոփագիրին:
Սարգսեանի հայցը հիմնուած է հետեւեալ պահանջներուն վրայ.
1. Անոր տան քանդումն ու սեփականութեան իրաւունքէ զրկուիլը կը սահմանուի իբրեւ «սեփականութեան տիրապետում եւ օգտագործումի իրաւունքի ոտնահարում»:
2. Անոր անձական եւ ընտանեկան կեանքի, ինչպէս նաեւ տան նկատմամբ իրաւունքի խախտում՝ բռնի տեղահանութեան պատճառով եւ իր տունը մուտք գործելու հնարաւորութեան շարունակ մերժում Ատրպէյճանի կողմէ:
3. Հաշուի առնելով Ատրպէյճանի մէջ շարք մը հայկական գերեզմանատուներու ոչնչացումն ու վանդալութիւնը (բարբարոսութիւն), Սարգսեան նշած է, որ անտեղեակ է իր մերձաւոր ազգականներու գերեզմանոցներու վիճակին մասին, որովհետեւ ան զրկուած է անոնց շիրիմները այցելելու հնարաւորութիւնէն, ինչպէս որ ժամանակին ան պարբերաբար հնարաւորութիւն ունէր ընելու: Միայն այդ փաստին գիտակցումը, որ իր հարազատներու շիրիմները ոչնչացման վտանգին տակ են, խոր վիշտ ու տառապանք պատճառած են Սարգսեանին: Գերեզմանատուն այցելելու անկարողութիւնը զինք զրկած է իր հանգուցեալ հարազատներուն հետ հոգեւոր կապէն, քանի որ անոնց շիրիմները այցելելն ու զանոնք պահպանելը անոր կրօնական պարտականութիւնն էր, զոր ան կատարած էր նախքան տեղահանութիւնը:
4. Ատրպէյճանի մէջ իրենց տուները հարկադրաբար լքած հայ ազգաբնակչութիւնը զրկուած է իրաւական պաշտպանութեան արդիւնաւէտ միջոցներէն: Այն հայերը, որոնք փորձած են բողոքներ ներկայացնել համապատասխան ատրպեճանական իշխանութիւններուն, չեն կրցած վերականգնել իրենց ոտնահարուած իրաւունքները:
Արցախեան հակամարտութեան շարունակումի պատճառաւ, գործնական դժուարութիւններ ու խոչընդոտներ կային Ատրպէյճանի մէջ հարցին լուծման միջոցներէն օգտուելու համար:
5. Սարգսեան բողոքած է, որ Ատրպէյճանի մէջ ենթարկուած է խտրականութեան՝ ազգային եւ կրօնական պատկանելութեան հիման վրայ: Ան բացատրած է, որ Ատրպէճանի մէջ միայն ազգութեամբ հայերն էին, որոնք բռնութիւններու, ջարդերու եւ յարձակումներու թիրախ դարձած էին: Ատրպէյճանի կառավարութիւնը հայերու դէմ գործուած բռնութիւններու հարցով հետաքննութիւն չէ կատարած եւ անոնց սեփականութեան անօրինական բռնագրաւման ու հայկական գերեզմանոցներու ոչնչացման համար փոխհատուցում չէ ապահոված:
Այս մէկը առաջին հայկական հայցն է, որ ՄԻԵԴին ներկայացուած է սեփականութեան եւ այլ իրաւունքներու ոտնահարման ուղղութեամբ՝ իրականացուած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ: Յաջողութեան պարագային անիկա կարեւոր նախադէպ կը ստեղծէ հայցեր ներկայացնելու համար հարիւր հազարաւոր հայերու կողմէ, որոնք հարկադրաբար լքած են իրենց տուները Պաքուի եւ Ատրպէյճանի այլ վայրերու մէջ: Նոյնպէս, Չիրագովի հայցը ընդդէմ Հայաստանի կրնայ դուռեր բանալ՝ պահանջներուն դիմաց հարիւր հազարաւոր ատրպէյճանցիներու, որոնք արցախեան հակամարտութեան ժամանակ հեռացած են իրենց տուներէն: Սակայն, ի տարբերութիւն հայկական կողմի, ատրպէյճանցիները, իրականութեան մէջ հեռացած են իրենց կամքով եւ մինչեւ իրենց մեկնելը ծախած են իրենց տուները:
Լոկ պատահականութիւն կարելի չէ համարել ՄԻԵԴի Մեծ պալատին կողմէ նոյն օրը հայկական եւ ատրպեճանական հայցերու քննարկումը: Եթէ երկու պարագաներուն ալ դատարանը յայտնաբերէ սեփականութեան իրաւունքի խախտում եւ դասաւորէ դրամական փոխհատուցում վճարել հայցուորներուն, ապա շատ հաւանական է, որ անիկա յետագային նոյնանման բազմաթիւ գործերու ներկայացման խթան հանդիսանայ եւ լուրջ հետեւանքներ ունենայ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի տնտեսութիւններուն վրայ (միլիանաւոր տոլարներու չափով):
Իբրեւ այլընտրանք, Դատարանը կրնայ պարտադրել երկու երկրներուն իրենց համապատասխան քաղաքացիներուն թոյլ տալ վերադառնալ իրենց բնակութեան նախկին վայրերը, որ նոր ցնցումներ ու անվտանգութեան ռիսքեր կրնայ յառաջացնել տարածաշրջանէն ներս: Իբրեւ Եւրոպայի Խորհրդի անդամներ, Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը պարտաւոր են կատարել Դատարանի որոշումը:
Սեպտեմբերի 15ին կարելի է հետեւիլ երկու լսումներուն՝ այցելելով Մարդու իրաւունքերու եւրոպական դատարանի կայքէջը www.echr.coe.int/echr: Ատրպեճանական հայցը պիտի սփռուի ժամը 9:15, իսկ հայկականը՝ 14:30ին (Ֆրանսայի ժամով):
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի
խմբագիր