Նախօրօք ճշդուած ժամադրութեամբ մը, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, Օգոստոս 19ի յետմիջօրէին այցելեց Լոս Անճելըսի Արդի արուեստներու թանգարանը, ուր տեղի կ՛ունենայ աշխարահահռչակ գեղանկարիչ Արշիլ Կորքիի (Ոստանիկ Ատոյեան) գործերու ցուցահանդէսը։ Առաջնորդին կ՛ընկերանային ցուցահանդէսի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն ու զօրակիցներէն Հրայր եւ Վահան Կարպուշեան։
Առաջնորդ սրբազանը դիմաւորուեցաւ թանգարանի գլխաւոր պատասխանատուներէն Փօլ Շիմըլի եւ թանգարանի բարգաւաճման բաժանմունքի վարիչ Էտըմ Կրոսի կողմէ։ Առաջնորդը իր գնահատանքն ու գոհունակութիւնը արտայայտեց այս ցուցահանդէսին կազմակերպման համար։ Ծանօթ է, որ Ցեղասպանութենէն վերապրած Կորքիի գործերուն մէջ արտայայտութիւն գտած են իր ու հայութեան տառապանքները, անկախ այն իրողութենէն, որ հայազգի նկարիչը կը նկատուի ամերիկեան ցամաքամասի վրայ ռահվիրայ մը եւ գագաթ մը՝ արուեստի աշխարհին մէջ։
Առաջնորդը, ցուցադրուած գործերը դիտելէ ետք, հանդիպում ունեցաւ յիշեալ պատասխանատուներուն հետ։
Էտըմ Կրոս, որ նաեւ պատասխանատուն է հայ գաղութին հետ կապերուն, յիշեցուց, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբեր 20. դիւրացնելու եւ քաջալերելու համար արուստասէրներու այցը, թանգարանը հաստատած է կտրօններու դրութիւն մը, ինչ որ առիթ կու տայ երկու անհատներու՝ մէկ այցեգինով մուտք գործել ցուցահանդէսի սրահը։
Կը քաջալերենք մեր ժողովուրդը, որպէսզի այցելէ ցուցահանդէսը եւ ծանօթանայ մեծ արուեստագէտի գործերուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.