ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան ճաշկրոյթին ընթացքին, «Ղեկավարման մրցանակը» պիտի շնորհուի նախկին քաղաքապետ Լերի Զարեանին, իսկ «Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի բարեկամ» մրցանակը պիտի շնորհուի «Favorite Place» ճաշարանին սեփականատէր Ալիսա Ասմարեանին:
Մրցանակներ պիտի ստանան նաեւ «Glendale Youth Alliance» եւ «Glendale Healthy Kids» կազմակերպութիւնները:
Նկատի ունենալով դիմողներու մեծ թիւը, ցարդ չէ որոշուած «Տարուան երիտասարդ գործիչը» մրցանակին արժանացող երիտասարդին անունը:
Ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Սեպտեբեր 16ին, երեկոյեան ժամը 6:30էն սկսեալ՝ «Ռենեսանս» ճաշարանին մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.ancglendale.org համացանցային կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.