Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան յաջորդ գրական հանդիպումը պիտի կայանայ Կլենտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ (222 East Harvard St, Glendale CA 91205), Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 2ին, երեկոյեան ժամը 5էն 8ը:
Գրական-գեղարուեստական ծրագիրին պիտի մասնակցի մանկագիր Ֆիրա Ակեան, իր ստեղծագործութիւններով: Գրական զեկոյց պիտի ներկայացնէ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան ու պիտի հնչեն մանկական երգեր: Պարերով հանդէս պիտի գայ «Արա» պարային համոյթը: Տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Մուտքը ազատ է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել awaoc@yahoo.com հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.