ԱԹԷՆՔ.- Ըստ «Ազատ Օր»ին, Օփերայի երգչուհի Մարիա Կուլեկինան բացառիկ տպաւորութիւններ ձգած է յոյն հանդիսատեսներուն մօտ, 2007ին Վերտիի «Նապուքօ» օփերայի ներկայացումով:
Անիկա այս անգամ առանձին ելոյթով հանդէս պիտի գայ Սեպտեմբեր 24ին, Աթէնքի համերգասրահէն ներս՝ իր կողքին ունենալով Միլանոյի Սքալայի դաշնակահար Մասիմիլիանօ Պուլոն:
Միջազգային մամուլը զայն կը կոչէ Ռուսիոյ «Մոխրիկը»: Մարիա Կուլեկինա ելոյթներ ունեցած է Լուչիանօ Փաւարոթիի, Փլասիտօ Տոմինկոյի, Ռիքարտօ Մութիի եւ այլ երգիչներու հետ: «Փուչինի» մրցանակին տիրացած է 2001ին՝ իբրեւ Փուչինիի ստեղծագործութիւններու լաւագոյն մեկնաբան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.