ՓԱՐԻԶ.- Շարլ Ազնաւուր մտադիր է 2011ին դարձեալ բեմ բարձրանալ Փարիզի «Օլեմփիա» սրահին մէջ, ուրկէ 55 տարի առաջ սկսած է անոր ասպարէզը:
Ֆրանսահայ երգիչը, որ 86 տարեկան է, «Էօրոփ-1» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է. «Ես պիտի վերադառնամ «Օլեմփիա» թատրոն՝ փակելու համար շրջանը անոր մէջ: Ես պիտի ըլլամ 87 տարեկան, գրեթէ 88, եւ տուեալ պահուն պէտք է կանգ առնել»:
Վերջին շրջանին, երգիչը 20էն աւելի նոր երգ գրած է: Ազնաւուր ծրագրած է նաեւ գալիք տարի նոր գիրք մը հրատարակել:
«Ես պիտի պատմեմ այն մասին, թէ ինչպէս ամէն ինչ, տարիքը նոյնպէս ունի իր գարունը, իր աշունը, իր ձմեռն ու ամառը», ըսած է ան «Էօրոփ-1»ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.