ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կիրակի, Օգոստոս 29ին, կէսօրէ ետք ժամը 5ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանի «Խաղանք եւ ուրախանանք» մանկական ձիրքերու յայտագիրի եզրափակիչ հանդիսութիւնը։
«Վանայ Ձայն»ի մանկական յայտագիրի հաղորդավար Թալին Լատոյեան խօսք առնելով ըսաւ, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, ամրան ընթացքին «Վանայ Ձայն»ը կը սփռէ մանկական ձիրքերու յատուկ յայտագիր։
Յայտագիրին նպատակն է յայտնաբերել փոքրերուն ունեցած թաքուն ձիրքերը, որպէսզի հետագային առիթը ունենան զարգացնելու զանոնք, նաեւ քաջալերել, որ անոնք արտայայտուին երգի, արտասանութեան եւ նուագի ընդմէջէն, համարձակութիւն սորվեցնել՝ առիթ ընծայելով անոնց, որ փոքր տարիքէն ձայնասփիւռի կայանէն խօսելու փորձառութիւն ձեռք ձգեն։ Թ. Լատոյեան նաեւ նշեց, որ յայտագիրը կը հիւրընկալէ փոքրերը «Վանայ Ձայն»ի սթիւտիոներուն մէջ՝ առիթը ընծայելով, որ անոնք այցելեն իրենց տունը՝ «Վանայ Ձայն»ը, ծանօթանալու սթիւտիոյի եւ ձայնասփիւռի կայանի մթնոլորտին։
Այս տարի յայտագիրին մասնակցեցան 2էն 11 տարեկան 30 փոքրիկներ (Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներուն ընթացքին)։
Հանդիսութեան ընթացքին «Ուրախ-տարեդարձ» խումբը երգով եւ պարով մասնակցեցաւ յայտագիրին՝ խանդավառութիւն ստեղծելով փոքրերուն եւ ծնողներուն մօտ։
Յայտագիրի աւարտին յայտարարուեցան արդիւնքները։ Բոլոր փոքրիկները յաղթեցին եւ այս առիթով «Վանայ Ձայն»ի պատրաստած յատուկ նուէրներով ու փուչիկներով տուն վերադարձան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.