ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ սպայակոյտի նորընտիր նախագահ, զօրավար Ըշըք Քոշաներ, որ Օգոստոս 31ին պաշտօնապէս ստանձնեց իր պարտականութիւնը, Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 3ին, իբրեւ առաջին պաշտօնական հիւր ընդունեց Միացեալ Նահանգներու սպայակոյտի նախագահ զօր. Մայքըլ Մալլընը։
Թրքական մամուլը կը յիշեցնէ, թէ այս մէկը աւանդութեան մը վերածուած է երկու երկիրներուն միջեւ, այսինքն՝ Թուրքիոյ սպայակոյտի նորընտիր նախագահին առաջին հիւրը իր ամերիկացի պաշտօնակիցը կ՛ըլլայ միշտ։
Սակայն յայտնի է, որ այս այցելութիւնը միայն շնորհաւորական այցելութիւն մը չէր, որովհետեւ Ամերիկայի սպայակոյտի նախագահը Թուրքիոյ բանակին առջեւ դրած է քանի մը ծանր պահանջքներ, ու այս նիւթերուն մասին նորընտիր սպայակոյտի նախագահ Քոշաներին կարծիքին ու տրամադրութիւններուն ծանօթացումը՝ եւս այցելութեան մղիչ ուժերէն էր:
Առաջին հարցը կը վերաբերի Իրաքէն ետ քաշուող ամերիկեան բանակին ծանր զէնքերը Թուրքիոյ վրայով փոխադրելու ու տուն տանելու առաջարկին։ Միացեալ Նահանգներ, որ այս օրերուն կ՛աւարտէ Իրաքի մէջ իր գործողութիւնները եւ կը պատրաստուի իր բանակը հեռացնելու շրջանէն, պէտք է Ամերիկա վերադարձնէ այն ծանր զէնքերը, որոնք տեղակայուած են Իրաքի մէջ։ Ամերիկա կը փափաքի այդ զէնքերը հիւսիսային Իրաքէն Թուրքիա բերել ու զանոնք տարանցիկ փոխադրութեամբ ցամաքային ճամբով հասցնել Իսքենտերունի ու Մերսինի նաւահանգիստները, ապա այդտեղէն Ամերիկա փոխադրել։ Բայց ասիկա կը նշանակէ՝ օտար զինուորի կողմէ ծանր զէնքերու անցք Թուրքիոյ հողամասէն. հարց մը, որ շատերու կարծիքով, կրնայ արտօնուիլ միայն խորհրդարանին որոշումով։ Ասիկա կը յիշեցնէ Իրաքի պատերազմի առաջին օրերուն՝ Մարտ 1ի խորհրդարանական որոշումը, ըստ որուն, Թուրքիոյ խորհրդարանը անակնկալ կերպով մերժած էր ամերիկեան զէնքերուն ու բանակին Թուրքիոյ վրայով Իրաք մուտքը։ Մարտ 1ի որոշումը ծանր կերպով վիրաւորած էր Թուրքիա-Ամերիկա յարաբերութիւնները։
Այս անգամ Թուրքիա պիտի արտօնէ՞, որ Թուրքիոյ հողամասերը գործածուին այդ ծանր զէնքերուն համար, որոնց մէջ կան հրասայլեր, զրահաւոր ծանր փոխադրամիջոցներ, երկարաձիգ թնդանօթներ, շրջուն ռատարներ, օդային պաշտպանութեան կազմածներ, եւ այլն։
Եթէ Թուրքիա մերժէ իր հողերուն գործածութիւնը, ապա ամերիկացիները Թուրքիայէն պիտի փոխադրեն միայն զէնք չունեցող զինուորական միաւորներ եւ զէնքի հանգամանք չունեցող զինուորական նախանիւթեր։ Այդ պարագային, Ամերիկա իբրեւ այլընտրանք պիտի գործածէ Յորդանանի հողամասերը։
Ամերիկա երկրորդ առաջարկ մը ունի Թուրքիոյ։ Ամերիկացիները Նոյեմբեր 19-20ին կազմակերպուելիք ՆԱԹՕի գերաստիճանէն առաջ, կ՛ուզեն Թուրքիոյ մէջ տեղաւորել հրթիռային պաշտպանութեան համակարգեր, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ Իրանը հրաժարեցնել որեւէ անբաղձալի ծրագիրէ։
Թուրքիա պիտի ուզէ՞ Իրանի դէմ նմանօրինակ ձեռնարկի մը տանտէրը ըլլալ։ Այս մէկն ալ ծանր հարց է, սակայն եթէ Թուրքիա մերժէ, ամերիկացիները այդ համակարգերը պիտի զետեղեն Ռումանիոյ ու Պուլկարիոյ մէջ։
Յայտնենք, թէ զօրավարներուն խորհրդակցութեանց մասին տեղեկութիւններ չհրապարակուեցան, եւ շեշտուեցաւ, թէ հանդիպումը ծանօթացման բնոյթ ունէր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.