ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական լրատուամիջոցները Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 3ին կը հաղորդեն, որ Ատրպէյճանի հարաւային Լենքորան շրջանին մէջ, Ուրբաթ կանուխ առաւօտեան, մզկիթի մը վրայ զինեալ յարձակում մը տեղի ունեցած է։
Ոստիկանութեան աշխատակից մը լրագրողներուն ըսած է, որ Հինգշաբթիէն Ուրբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին սահմանակից Մասսալինի շրջանէն քանի մը ինքնաշարժներով ժամանած զինեալներ կրակ բացած են տեղական մզկիթի բակին մէջ հաւաքուած գիւղացիներուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով սպաննուած է գիւղի բնակիչներէն մէկը, իսկ ուրիշ մը ծանրօրէն վիրաւորուելով՝ տեղափոխուած է Լենքորանի մարզային կեդրոնական հիւանդանոց:
Իշխանութիւնները կը հետապնդեն միջադէպը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.