ՊՈԼԻՍ.- Հայաստանցի Արթիւր Մանուկեան, վարչապետ Էրտողանի հրահանգով ստացաւ Թուրքիոյ քաղաքացի դառնալու իրաւունք, եւ ան արդէն իսկ ստացաւ իր ինքնութեան թուղթը։
Արթիւր Մանուկեան իր մօրը հետ Պոլիս գացած էր՝ աշխատանք գտնելու համար իր մօրը, բայց այնտեղ ան հիւանդացած էր, ու Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ կատարուած քննութիւնները ցոյց տուած էին, որ ան կը տառապէր ուղեղային «Մոյա-Մոյա» կոչուած արտասովոր հիւանդութենէն։ Վարչապետ Էրտողանի հրահանգով, անոր դարմանումին համար Թուրքիա մնալու արտօնագիր տրուեցաւ, ալ աւելին՝ Արթիւր Մանուկեան ու մայրը՝ Յասմիկ Մանուկեան, ստացան Թուրքիոյ հպատակութիւն։
Արթիւր իր անունը փոխած է ու կոչուած է՝ Այտըն Արթիւր Մանուկեան։ Ան 22 տարեկան է, իսկ մայրը՝ 45։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.