ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Անաթոլի Սերտիուքով Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաքի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ռազմական գործակցութեան վերաբերեալ երկարատեւ համաձայնութիւն մը ստորագրուած է: Ռուսիա վերջերս սկսած է այլ երկիրներէ զէնքեր գնելու եւ կը ջանայ իսրայէլեան արտադրութեամբ առանց օդաչուի օդանաւերու տորմիղ մը կազմելու։ Սերտիուքով յայտնեց, որ Ռուսիա 12 առանց օդաչուի օդանաւեր գնած է եւ զանոնք բանեցնելու համար 50 զինուոր կը մարզէ։ Ըստ Պարաքի գրասենեակին, վերջինս Սերտիուքովին յայտնած է. «Ռուսիա աշխարհի վրայ առանցքային ուժ մըն է, իսկ գերակշիռ եւ շատ ազդու ուժ մը՝ Միջին Արեւելքի մէջ»։
Ան ընդգծած է Իսրայէլի ապահովական գլխաւոր մտահոգութիւնները՝ «նախ եւ առաջ իրանեան սպառնալիքը եւ Սուրիոյ զինումը, ինչպէս նաեւ այս վերջինիս կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու եւ «Հըզպալլա»ի զօրակցութիւնը»։ Իսրայէլ Ռուսիոյ վրայ ճնշում բանեցուցած է, որպէսզի ան Սուրիոյ եւ Իրանի զէնքեր չծախէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.