
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՕՍԵԹԻԱ.- Հիւսիսային Օսեթիոյ մայրաքաղաք Վլատիկաւկասի կեդրոնական շուկային մէջ Հինգշաբթի օր տեղի ունեցած պայթումի զոհերուն շարքին կան 4 հայեր, որոնցմէ մէկը Հայաստանի քաղաքացի է: Ցարդ կարելի եղած է ճշդել միայն անոնցմէ 3ին անունները՝ Սերգէյ Գրիգորեան, Իրինա Գասպարեան, Արսէն Էլբակեան:
Պայթումին հետեւանքով սպաննուած են 17 անձեր, որոնց կարգին՝ երեխայ մը, եւ վիրաւորուած են շուրջ 133 ուրիշներ:
Պայթումը տեղի ունեցած է ժամը 11:30ին, շուկայի կեդրոնական մուտքին քով, ուր կը գտնուին նաեւ աշխատանքային սակարանը եւ քաղաքի դպրոցներէն մէկը:
Նախնական տուեալներուն համաձայն, ուժանիւթը զետեղուած է ինքնաշարժի մը մէջ, անձնասպանական գործողութիւն կատարող ահաբեկիչի մը կողմէ:
Նշենք, որ Սեպտեմբեր 10ն Հիւսիսային Օսեթիոյ մէջ սուգի օր յայտարարուած է: