ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մոսկուայի թիւ 501 դպրոցին մէջ, ծեծկռտուքի իբրեւ հետեւանք վերջերս սպաննուած է 11րդ դասարանի աշակերտ Էդուարդ Մարկարեանը: Ըստ իրաւապահներուն, ձեռնամարտը տեղի ունեցած էր դպորցին մօտակայքը: 11րդ դասարանցիին հետ վիճած էր 9րդ դասարանի ազերի աշակերտ մը, ու վիճաբանութիւնը վերածուած էր ծեծկռտուքի, որուն ընթացքին Մարկարեան գլուխէն ստացած հարուածով մահացած էր:
Ըստ ազերի պատանիին՝ Մամետին, դասընկերներուն, ան այդ օրը դպրոց գացած էր գինով վիճակով, վիճաբանած էր բոլորին հետ, ինչպէս նաեւ՝ Էդուարդին, որուն հետ վիճաբանութիւնը շարունակուած էր նաեւ օրուան դասաժամերէն ետք։
Դպրոցի ուսուցչուհիներէն մէկուն խօսքով, տղաքը իրենց հետ ունեցած էին դանակներ, որոնք սակայն առնուած են իրենց ձեռքէն։ «Սկիզբը Մամետն ու Էդիկը կը հրէին իրարու: Յետոյ սկսան հարուածելու: Սկիզբը Էդիկը հրեց Մամետին եւ ան զարնուեցաւ ծառին: Բայց ան պարտքի տակ չմնաց, Էդիկին տապալեց գետին եւ նստաւ անոր վրայ: Ան բռնեց Էդիկի գլուխը եւ սկսաւ բռունցքներով հարուածելու: Էդիկը մէկ անգամէն գետին ինկաւ, աչքերը դարձան եւ սկսաւ ցնցուելու», պատմած է ականատես Լէօշան: Հարեւան տուներու բնակիչները շտապօգնութիւն եւ ոստիկանութիւն կանչած են: Տեղ հասած բժիշկները փորձած են տեղւոյն վրայ օգնել Էդուարդին, սակայն՝ ապարդիւն:
Ըստ Էդուարդի ընկերներուն, ան եղած է բարի, խելացի, ուշադիր տղայ մը՝ հետաքրքրուած մեքենաներով: «Դժուար է պատկերացնել, թէ ինչպէ՞ս պիտի դիմանայ անոր մայրը: Չէ՞ որ ան հայր չունի», ըսած են անոնք:
9րդ դասարանցի Մամետը վերջերս ընդունուած է նշեալ դպրոցը, ուր ինքզինք միշտ պահած է կռուարար: Պարզուած է, որ Մամետը ըմբշամարտով կը զբաղի: Երեխաներուն խօսքով, Մամետը տարած են ոստիկանութիւն, 5 ժամ պահած այնտեղ եւ ապա չհեռանալու պայմանով ստորագրութիւն վերցնելով՝ ազատ ձգած են զայն:
Էդիկին համադասարանցիները յայտնած են, որ ասիկա Մամետի եւ անոր միջեւ առաջին վէճը չէր: Էդուարդի մօր խօսքով, անոնց միջեւ վիճաբանութիւնը սկիզբ առած է փոխնորդ կօշիկի մը համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.