ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Սեպտեմբեր 11ին, Երեւանի մէջ կայացած է հայկական Grand Candy ընկերութեան հաւաստագիր յանձնելու պաշտօնական արարողութիւնը: Ընկերութիւնը պատրաստած է աշխարհի ամենամեծ տուրմէ սալիկը՝ 4 թոն 410 քլկ. կշիռքով, սահմանելով Հայաստանի առաջին ցուցանիշը: Հաւաստագիրը յանձնելու համար Հայաստան ժամանած է «Կինես»ի ցուցանիշներու գիրքի իրաւաբանական ներկայացուցիչ Էլիզապէթ Սմիթը:
Ըստ ընկերութեան սեփականատէր, ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Կարէն Վարդանեանի, 5600 մմ. երկարութեամբ եւ 2750 մմ. լայնութեամբ դառն տուրմի սալիկը պատրաստուած է 4 օրուան ընթացքին, տուրմի պատրաստման աւանդական գիտարուեստով:
Նշեալ սալիկի արտադրութեան նախկին ցուցանիշը սահմանուած է Իտալիոյ մէջ, 2007ին, 3 թոն 850 քլկ. կշիռքով: Grand Candy ընկերութեան ղեկավարին խօսքերով, տուրմէ ամենամեծ սալիկը պատրաստելու գաղափարը առնչուած է ընկերութեան անուան, ինչպէս նաեւ անոր գործունէութեան 10ամեակին հետ, որ պիտի նշուի Հոկտեմբեր 16ին, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:
Իր կարգին, Էլիզապէթ Սմիթ յայտնած է, թէ առաջին անգամն ըլլալով Հայաստան կ՛այցելէ ու արդէն իսկ տպաւորուած է այդ հոյակապ գաղափարով: «Ես առաջին անգամն է, որ հաւաստագիր կը յանձնեմ այս անուանակարգին մէջ, եւ քանի որ տուրմ շատ կը սիրեմ, ասիկա ինծի համար կրկնակի հաճոյք է», ըսած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.