ԵՐԵՒԱՆ.- Սեպտեմբեր 13ի երեկոյեան, «Մոսկուա» թատերասրահին մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ փակուեցաւ «Reani-mania 2010» միջազգային «անիմացիոն» փառատօնը, եւ ընթացքին մրցանակներ յանձնուեցան յաղթողներուն:
«Լաւագոյն լիամեթրաժ ֆիլմ» անուանակարգին համար յաղթող ճանչցուեցաւ Չինաստանի մէջ 2009ին արտադրուած «Փիրսինգ 1» շարժանկարը, «Լաւագոյն հեռուստատեսային-կրթական ֆիլմ» մրցանակը շնորհուեցաւ «Նաւթի Պատմութիւնը» շարժանկարին (Միացեալ Թագաւորութիւն), «Լաւագոյն կարճամետրաժ ֆիլմ» անուանակարգի մրցանակը յանձնուեցաւ «Մեծ Աղմուկ» շարժանկարին (Իտալիա), իսկ «Լաւագոյն աւարտական ֆիլմ» մրցանակը՝ «Միրամարէ»ին (Խրուաթիա):
Մանկական դատակազմի մրցանակը յանձնուեցաւ «Բոբ» շարժանկարին (Գերմանիա): «Կարճամետրաժ ֆիլմի համար լաւագոյն երաժշտութիւն» մրցանակը, ինչպէս նաեւ «Լաւ քաղաքացի» մրցանակը յանձուեցան «Բարկացած Մարդը» շարժանկարին (Նորվեկիա):
«Դեբիւտ» մրցանակը յանձնուեցաւ Մերի Կիւրեղեանին՝ անոր «Արեւը եւ Խաւարասէրը» շարժանկարին համար: «Ռոբ Սահակեանց» մրցանակը շնորհուեցաւ Մաքս Հաուըրտին՝ հայաստանեան «անիմացիոն» շուկային աջակցելուն համար: Մրցանակներ ստացան նաեւ Կարինէ Արոյեանն ու Լուսինէ Քասարջեանը:
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան պատուոգիրեր յանձնուեցան՝ Լիւդմիլա Սահակեանցին եւ Գայիանէ Մարտիրոսեանին: Իսկ նախարարութեան ոսկէ մետալը յանձնուեցաւ Ստեփան Անդրանիկեանին:
«Reanimania 2010» միջազգային «անիմացիոն» փառատօնի հիմնադիր-տնօրէն Վրէժ Քասունիի խօսքով, այս փառատօնը ոչ միայն հնարաւորութիւն տուաւ հիանալի «անիմացիոն» շարժանկարներ դիտելու, այլ անիկա առաջին քայլն էր նոր սերունդին համար՝ միջազգային վարպետներէ դասեր սորվելու:
«Մենք հասկացել ենք. որ այս կինոփառատօնը շատերին է պէտք, եւ յոյսով եմ, որ յաջորդ տարի մեզ կը միանան նաեւ այլ նախարարութիւններ, այլ հովանաւորներ եւ աւելի շատ լրատուամիջոցների ներկայացուցիչներ, եւ ոչ թէ նրա համար, որ օրինակ վարչապետը մեր կողքին է, այլ որ փառատօնն ինքնին կարեւոր է Հայաստանի «անիմացիա»ի զարգացման եւ ապագային համար», ըսաւ Քասունի:
Յիշեցնենք, որ «Reanimania» միջազգային «անիմացիոն» փառատօնը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ Սեպտեմբեր 9-13ի միջեւ: Փառատօնը ստեղծուած է 2008ին, նպատակ ունենալով աջակցիլ հայկական «անիմացիա»ի համբաւի վերականգնման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.