ՎԻԵՆՆԱ.- ԵԱՀԿի մամլոյ ազատութեան հարցերու ներկայացուցիչ Տունիա Միաթովիչ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14ին կոչ ըրաւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ ազատ արձակեն երկրին բանտերուն մէջ մնացող լրագրողները եւ արագօրէն որդեգրեն մամլոյ ազատութիւն երաշխաւորող օրէնքեր:
Ան ըսաւ, թէ մտահոգութեամբ կը հետեւի Թուրքիոյ մէջ լրագրողներու դէմ հետզհետէ աճող դատերուն, եւ աւելցուց, թէ ներկայիս աւելի քան 40 լրագրողներ բանտարկուած կը մնան, իսկ հարիւրաւոր ուրիշներ՝ կը գտնուին բանտարկուելու սպառնալիքի տակ. իրողութիւն մը, որ չի նպաստեր ազատ լրատուութիւն կատարելու ջանքերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.