– «Ռատիքալ» օրաթերթը, «Այո, սակայն ոչ բաւարար» խորագիրին տակ կը գրէ, թէ Թուրքիոյ ճարտարագէտներու եւ գործարարներու ընկերակցութիւնը յայտարարած է, թէ երկրին սահմանադրութիւնը պէտք է յարմարացնել 21րդ դարուն:
– «Սապահ» իր «Թուրքիա յեղաշրջումի ամօթը կը մաքրէ» խորագիրին տակ կը գրէ, թէ քուէարկողները «ժողովրդավարութեան իրենց քննութիւնը» յաջողութեամբ աւարտեցին։ «Քուէարկողները աւելի ժողովրդավար, քաղաքային եւ ազատ Թուրքիոյ մը զօրակցութիւն ցուցաբերեցին», կ՛աւելցնէ թերթը։
– «Ճիւմհիւրրիյէթ» կը գրէ, թէ հանրաքուէն պոյքոթի ենթարկելու կոչը անոր արդիւնքին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ, եւ կը նշէ, թէ այն քաղաքներուն մէջ, ուր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը աւելի հզօր է, քաղաքացիները բարեփոխութեան ծրարին դէմ քուէակրեցին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.