
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Սեպտեմբեր 18էն Հոկտեմբեր 23ի միջեւ, Կլենտէյլի «Սիլվանա» ցուցադրասրահին մէջ (1731 W. Glenoaks Blvd. Suite 200) տեղի պիտի ունենայ ժամանակակից արուեստի գործերու խմբային ցուցահանդէս մը, որուն կը մասնակցին մօտաւորապէս 30 արուեստագէտներ:
Ցուցադրասրահին մասնակիցներուն մէջ են Անահիտ Մնացականեան, Ցոլակ Շահինեան, Էտուարտ Առաքելեան, Նայիրի Սաֆարեան, Տիգրան Հովումեան, Լուտվիկ Աւետիսեան, Անահիտ Ալավերդեան, Աղասի Տալալեան, Էմիլ Գազազ, Ժան Գարզու, Հայկ Գրիգորեան, Յովիկ Մուրատեան եւ Սամուէլ Համբարձումեան:
Ցուցահանդէսին բացումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 18ին, երեկոյեան ժամը 6էն 10: