
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հոկտեմբեր 14ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ (222 East Harvard Street) տեղի պիտի ունենայ իրաւաբան Մեթիու Քարանեանի լուսանկարներու ցուցադրութիւնը:
Երուսաղէմի հայկական թաղերուն մէջ պտոյտ մը հանդիսացող սահիկներու սոյն ցուցադրութեան մուտքը ազատ է եւ անոր ընթացքին պիտի ներկայացուի նաեւ Երուսաղէմի հայութեան հակիրճ պատմականը:
Ձեռնարկը կը հովանաւորեն Ամերիկահայ առեւտուրի գրասենեակն ու Կլենտէյլի հանրային գրադարանը:
Քարանեան, Ռապըրթ Քիւրքճեանի հետ գործակցաբար, հրատարակած է նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի ուղեցոյց մը, որուն լուսանկարները կարելի է դիտել www.KurkjianImages.com կամ www.ArmeniaTravelGuide.com համացանցային կայքերուն վրայ: