
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Հոկտեմբեր 24ին կայանալիք յանձնախումբին տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, «Տարուան անձնաւորութիւնը» մրցանակը պիտի շնորհուի մարդկային իրաւանց պաշտպան՝ քոնկրեսական Հաուըրտ Պըրմընի:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին բարձրագոյն մրցանակներէն մէկը հանդիսացող այս պատիւը կը շնորհուի Պըրմընի՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող Ներկայացուցիչներու տան թիւ 252 բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու աշխատանքներուն մէջ անոր ունեցած կարեւոր ներդրումին համար, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով տարիներու ընթացքին ամերիկահայութեան եւ մարդկային իրաւանց տարրական իրաւունքներու նեցուկ կանգնելու անոր դիրքորոշումը:
Հակառակ Թուրքիոյ իշխանութեանց եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կռավարութեան կողմէ բանեցուած ճնշումներուն, Պըրմըն այս տարուան Մարտին, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի օրակարգի նիւթ դարձուց թիւ 252 բանաձեւը՝ ապահովելով անոր վաւերացումը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 24ին, «Եունիվըրսըլ Շերըթըն» պանդոկին մէջ:
Տոմսերու համար, դիմել (818) 500-1918 թիւին: