ՊՈՍԹՈՆ.- Այս ամսուան սկիզբը լոյս տեսաւ «Արմինիըն Ռիվիու»ի 2010ի գարուն-ամառ հատորը։ «Հայաստանն ու հայերը միջազգային դաշնագրերու մէջ» խորագրով, հատորը կը քննէ դարերու ընթացքին հայկական դիւանագիտութեան պատմութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը։ Հատորին մէջ ընդգրկուած ինը յօդուածները, որոնք ներկայացուած էին Միշիկընի Ան Արպըր համալսարանի անցեալ տարուան Մարտ ամսու գիտաժողովին ընթացքին, կ՛ուսումնասիրեն այն բոլոր դաշնագրերը, ուր հայեր ընդգրկուած եւ մաս կազմած են՝ չորրորդ դարէն Ք.Ե. մինչեւ արդի Հայաստանի Հանրապետութիւն։
264 էջերէ բաղկացած հատորը կը պարունակէ՝ Քլոտ Մութաֆեանի 10-12 դդ. կիլիկեան իշխաններուն եւ անոնց հարեւաններուն միջեւ ստորագրուած դաշնագրերուն քննարկումը, Քիթ Տէյվիտ Ուաթընփոյի ուսումնասիրութիւնը Թուրքիոյ կողմէ հայկական Ցեղասպանութեան դրժումի քաղաքականութեան, հասցնելով զայն առճակատման՝ Ազգերու լիկային հետ, Սեւան Ղարիպեանի կողմէ յօդուած մը, որ կը հետեւի միջազգային քրէական օրէնքի զարգացումներուն՝ 20րդ դարու սկզբի հայկական ցեղասպանութեան հարցի հետապնդումէն՝ դաշնակիցներու 1915ի ցեղասպանութեան դատապարտումի միացեալ յայտարարութենէն մինչեւ Սեւրի դաշնագիր։ Ռուբէն Շուգարեանի 1997ի բարեկամութեան ու համագործակցութեան դաշինքի վերլուծումը, Լուսինէ Թասլաքեանի ուսումնասիրութիւնը՝ արդի Հայաստանի կողմէ բնապահպանութեան բնագաւառէն ներս ստորագրուած համաձայնագրերուն եւ անոնց կիրառման մասին։
Հատորը կ՛ընդգրկէ նաեւ մի քանի գրախօսականներ։
«Արմինիըն Ռիվիու»ի յաջորդ հատորը լոյս պիտի տեսնէ 2010ի ձմրան։ Ներկայի, անցեալի եւ գալիք հատորներու շուրջ յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել՝ www.armenianreview.org։
«Արմինիըն Ռիվիու»ն 1948էն ասդին իր բոլոր հատորները թուայնացնելու (digitizing) աշխատանք մը սկսած է որ, հասարակայնութեան տրամադրելի պիտի ըլլայ 2011ի ամրան։ Սոյն ծրագրին նպաստելու համար եւ յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել խմբագրին՝ editor@armenianreview.org ելեկտրոնային հասցէով։
Հատորներու հրատարակութեանց կողքին, պարբերաթերթը նաեւ կը համակազմակերպէ ակադեմական գիտաժողով մը, այս տարուան Դեկտեմբերին, հարաւային Քալիֆորնիոյ մեծագոյն համալսարաններէն մէկուն մէջ, քննարկելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 120ամեայ գործունէութիւնը. սոյն գիտաժողովին պիտի համախմբուին Հայաստանէն, Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն ակադեմականներ ու մտաւորականներ։ Մանրամասնութիւնները՝ յաջորդիւ։
Տարեկան բաժանորդագրութեան սակը 30 տոլար է անհատներու եւ 60՝ հաստատութեանց համար: Վճարումները կրնան նաեւ կատարուիլ պարբերաթերթի համացանցի էջին միջոցով։ Բոլոր բաժանորդագրութիւնները, բաժանորդագրութեանց նորոգումները եւ դրամական չէքերը պէտք է ուղղուին հրատարակիչին, հետեւեալ հասցէով.- Armenian Review, Inc., 80 Bigelow Avenue, Watertown, MA 02472-2012, USA, կամ գրելով՝ orders@armenianreview.org կամ հեռաձայնելով՝ +1 (617) 926-4037։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.