ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 21ին, ամէն տարի, ահա՛ 19 տարիներէ ի վեր, Հայաստանի անկախութեան փաստն ու խորհուրդը ազգային հպարտութեան խորագոյն ապրումներով կը համակեն հայ մարդոց միտքն ու սիրտը։
Աշխարհով մէկ՝ քաղաքամայր Երեւանէն ու հայրենի ոստաններէն մինչեւ սփիւռքի մերձաւոր թէ հեռաւոր հայօճախները, հայ մարդը այս օրերուն կը տօնէ ու կը վերյիշէ 1991 թուի Սեպտեմբեր 21ի հանրաքուէն, որ Խորհրդային Հայաստանի քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 99 տոկոսի միահամուռ ձայնով՝ «Այո՛» պատասխանեց Հայաստանը Խոր-հրդային Միութեան կազմէն դուրս բերելու եւ անկախ հանրապետութիւն հռչակելու Հանրաքուէի միակ հարցումին։
Բառացիօրէն այդպիսի՛ն էր բանաձեւումը 21 Սեպտեմբերի հանրաքուէով համաժողովրդային դատաստանին ներկայացուած Մեծ Հարցին եւ, ի փառս Հայաստանի ու հայութեան, հայրենի մեր ժողովուրդը իր 99 տոկոսով՝ գրեթէ ամբողջական միաձայնութեամբ ընտրեց Հայաստան Աշխարհի ու հայոց պետականութեան վերանկախացման ուղին։ Միայն պատմական ճշգրտութեան սիրոյն չի կատարուիր Սեպտեմբեր 21ի Հանրաքուէին քաղաքական նշանակութեան եւ գաղափարական կիզակէտին վերաբերեալ այս յստակացում–յիշեցումը։ Ոչ ալ կը միտի Հայաստանի անկախութեան ի խնդիր հայրենի հայութեան – եւ ոչ միայն հայրենաբնակ, այլեւ՝ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին – կատարած ընտրանքին արժէքն ու պատգամը այս կամ այն առումով արժեզրկելու տրամաբանութեան։
Պարզապէս կեանքի փորձով հաստատուած է, որ մարդկային յիշողութիւնը հակամէտ է մոռնալու անցեալին պատկանող, բայց ցաւ առթող կամ սրտնեղութիւն առաջացնող պահերը եւ, ընդհակառակն, բնական մղումը ունի այդ յուշերուն կապուած միայն դրական ու գօտեպնդող յոյզերը պահպանելու եւ ժամանակին հետ աւելիով շեշտելու զանոնք։
Նոյնը պատահեցաւ հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ Սեպտեմբեր 21ի Հանրաքուէին պարագային։ Ազգովին ուզեցինք եւ տարիներու ընթացքին փաստօրէն յաջողեցանք մոռացութեան յանձնել Հանրաքուէին կապուած քաղաքական տխուր յիշողութիւնները։
Ուզեցինք եւ յաջողեցանք մոռնալ, որ Խորհրդային Միութենէն անջատուելու ռազմավարութեան շատ ծանր, բայց անհարկի տուրք տալով հասանք Սեպտեմբեր 21ի Հանրաքուէի յաղթանակին. Մայիս 1990ի խորհրդարանական ընտրութիւններով եւ անոնց հետեւած իշխանափոխութեամբ պետական ղեկի հասած նորայայտ ուժերը չուզեցին առաջնորդուիլ Հայաստանի անկախութիւնը վերականգնելու ռազմավարութեամբ եւ, հակառակը, փաստօրէն պարտադրեցին Խորհրդային Միութենէն անջատուելու ռազմավարութիւնը, իբրեւ Հայաստանի անկախութեան հասնելու միակ ուղի… Տէր–Պետրոսեանական այդ իշխանութիւնները անտեսեցին, որ զիրենք իշխանութեան գլուխ հասցնող խորհրդարանը (խորհրդային բառամթերքով՝ Գերագոյն Խորհուրդը), 23 Օգոստոս 1990ին հաստատուած Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագրով, որոշած էր քալել 28 Մայիս 1918ին նուաճուած Հայաստանի անկախութիւնը եւ անոր ծնունդ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ու ժողովրդավարական աւանդոյթը վերականգնելու ռազմավարութեան հունով։ Այդ անտեսումին եւ անոր հետեւող հակախորդային պայքարի սաստկացումին Հայաստանն ու հայութիւնը ծանր գին վճարեցին Արցախեան ազատամարտի ճակատներուն վրայ, ատրպեճանական հարուածներուն կողքին նաեւ խորհըրդային կեդրոնական իշխանութեանց պատժական հակադարձութեանց տակ իյնալով 1990ի վերջերէն մինչեւ 1991ի Սեպտեմբերը։
Մոռացութեան նոյն հունով անցեալին մէջ թաղած ենք եւ այսօր չենք ուզեր յիշել, որ Մարտ 1991ին, երբ Կորպաչեւի ղեկավարած խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւնները որոշեցին համամիութենական հանրաքուէ մը կազմակերպել եւ Խ. Միութիւնը բաղկացնող հանրապետութեանց քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու ձայնով ու ընտրանքով վճռահատել բազմազգ միութեան ապագան ճշդելու հարցը, Հայաստանի նորահաստատ իշխանութիւնները օրուան խորհրդարանէն ներս բուռն ընդդիմադրութիւնը ճզմելու գնով որոշեցին՝
– Նախ նոյն տարուան Սեպտեմբերին ուրոյն հանրաքուէ կազմակերպել՝ հարցադրումը փոխելով եւ Խ. Միութենէն անջատ անկախ հանրապետութիւն հռչակելու քայլը համաժողովրդային հանրաքուէի ներկայացնելով.
– Ապա՝ անկախութեան առաջնորդող սեփական սահմանադրութեան որդեգրումը մերժելով, յատուկ օրէնք ընդունիլ Հայաստանի նախագահի պաշտօնի ստեղծման մասին, որուն համար ընտրութեանց թուական ճշդուեցաւ 1991ի Հոկտեմբերը։
Նոյնպէս այսօր չենք ուզեր յիշել, որ Օգոստոս 1991ին, նախատեսուած Սեպտեմբերի հանրաքուէէն հազիւ ամիս մը առաջ, երբ խորհրդային կեդրոնական իշխանութեանց մակարդակին պետական յեղաշըրջումի փորձ տեղի ունեցաւ Կոմկուսի բարձրագոյն ղեկավարութեան ծայրայեղական ու կարծր թեւին կողմէ, ողջ Հայաստանով ու աշխարհասփիւռ հայութեամբ ապրեցանք մղձաւանջային օրերը խորհրդային ամբողջատիրութեան վայրագ վերահաստատումին եւ անոր հակաղարաբաղեան պատժական քայլերուն… հաւանականութեան։ Նոյնինքն անջատման ռազմավարութեան դրօշակիր Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի օրուան նախագահը փութաց իր «հաւատարմութիւնը» յայտնելու պետական յեղաշրջումի փորձը կատարած Եանայեւներուն։
Սեպտեմբեր 21ի Հանրաքուէին 19րդ տարեդարձին առիթով կ՛արժէ վերյիշել մեր կտրած ուղիին այդ փշոտ անցքերը, որպէսզի Հայաստանի վերանկախացման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնման Մեծ Քայլի իր իմաստով, արժէքով եւ փառքով տօնենք մեր ժողովուրդին 99 տոկոսի միահամուռ «Այո՛»ն ի սպաս Հայաստանի անկախացման երթին։
Կ՛արժէ վերյիշել, որպէսզի մեր այսօրուան քայլերուն եւ վաղուան ընտրանքներուն մօտենանք հայ ժողովուրդի կենսափորձին եւ սորված դասերուն ամբողջական գիտակցութեամբ։
Որպէսզի բնաւ մտահան չընենք, որ՝
– Մեր ժողովուրդը, յանուն Հայաստանի անկախութեան, պատրաստ է ամէն զոհաբերութեան, անգամ գերագոյնին։
Նոյնիսկ երբ անկախութեան առաջին օրերը՝ «Լեւոնի տարիները» ծանր զրկանքի եւ ծայրայեղ աղքատացման մատնեցին մեր ժողովուրդին, «խորհրդային ժամանակներու կարօտախտ» դրսեւորելով հանդերձ, դարձեալ ազգովին մենք կառչած մնացինք անկախութեան երթը ամէն գնով յառաջ մղելու հաւաքական ուխտին ու յանձնառութեան։ Եւ եթէ աւելի քան միլիոն հայերու արտագաղթ տեղի ունեցաւ եւ զգալապէս դատարկուեցաւ Հայաստանը, պատճառը սոսկ եւ այնքան սովն ու անապահովութիւնը չէին, որքան համաժողովրդային ընդվզումն էր արագօրէն եւ վայրագօրէն յղփացող իշխանաւոր վերնախաւի մը կազմաւորման եւ բռնիշխանական վարքագծին անարդարութեան դէմ։
– Տակաւին պատասխանը չունինք այն մեծ հարցականին, թէ ի՛նչ պիտի ըլլար ճակատագիրը Սեպտեմբեր 21ի հանրաքուէին եւ նոյնինքն Հոկտեմբերին Հայաստանի նախագահի ընտրութեան, եթէ 1991ի Դեկտեմբերին Խորհրդային Ռուսաստանը ի՛նք չնախաձեռնէր Խորհրդային Միութեան պաշտօնական եւ իրաւական լուծարումին ու զայն Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեամբ փոխարինումին։ Ինքնանպատակ ու պատմագիտական մտամարզանքի սիրոյն տրուած հարցականներ չեն ասոնք, այլ՝ ամբողջ տարածաշրջանին հետ Հայաստանի վաղուան օրուան սերտօրէն առընչուած ռազմավարական ընտրանքի խնդիրներ են, որոնց պատասխանները հիմնաւոր նշանակութիւն ունին հայ քաղաքական մտքի այժմու եւ հետագայ կողմնորոշումներուն համար։
Ամէն պարագայի, հայ ժողովուրդը ամէն հիմք ունի այսօր հպարտութեամբ տօնելու Սեպտեմբեր 21ի Անկախութեան Հանրաքուէի տարեդարձը։
Հայաստանն ու հայութիւնը, Սեպտեմբեր 21ի Մեծ Քայլով, կրցան նուաճել Իրաւական եւ Ժողովրդավարական կայացման ու ինքնահաստատման 19ամեայ ուղի մը՝ յանուն Հայաստանի ազատ ու անկախ Հանրապետութեան վերականգնումին։
Միացեալ Հայաստանի ուղին դեռ մեր առջեւն է՝ երկար ու անհարթ ճամբու մը բոլոր դժուարութիւններով, որոնց յաղթահարումը կախեալ է մեր հաւաքական կամքէն եւ միասնական ուժէն, որպէսզի նախապատրաստենք եւ պատրաստ գտնուինք քաղաքական այն նպաստաւոր պահուն, երբ ազգովին պիտի յաջողինք իր տրամաբանական աւարտին հասցնել 23 Օգոստոս 1990ին հռչակուած եւ 21 Սեպտեմբեր 1991ին ամրագրուած Հայաստանի անկախութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան աւանդներու վերականգնման պայքարը։