
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական լրատու գործակալութիւնը (Էյ.Փի.Էյ.) հարցազրոյց մը ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Անվտանգութեան համաձայնագիրի պետութիւններու (ԱՊՀ) չորրորդ բաժանմունքի տնօրէն Անտրէյ Քելինի հետ, երբ վերջինս հանգամանօրէն անդրադարձած է ղարաբաղեան բանակցութիւններու հետ կապուած զարգացումներուն:
Ըստ Քելինի, վերջին տարիներու բանակցութեանց ծիրէն ներս մեծ անկիւնադարձ մը արձանագրուած է՝ շնորհիւ Ռուսիոյ կողմէ առաջադրուած ղարաբաղեան հակամարտութիւնը լուծելու կոչուած տասնեօթը սկզբունքներուն, որոնց մեծամասնութեան շուրջ արդէն իսկ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը համաձայնութիւն տուած են:
Մելին կը խոստովանի, որ կան որոշ սկզբունքներ, որոնց պարագային, երկու կողմերը տակաւին շատ հեռու են համաձայնութեան եզրեր գտնելէ: Այսուհանդերձ, Քելին համոզուած է, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ ցուցաբերուած ուժեղ դիրքորոշումի պարագային, հնարաւոր պիտի ըլլայ ամբողջական համաձայնութեան մը հասնիլ: Թուրքիոյ միջամտութիւնը ԵԱՀԿի գործընթացին Քելին կը նկատէ վնասակար եւ կը պնդէ, որ Ռուսիա իւրայատուկ ու նպաստաւոր դիրքի վրայ է այս հարցը հետապնդելու առումով, որովհետեւ երկու երկիրներուն ալ Ռուսիան ինքզինք հաւասարապէս մօտիկ ու դաշնակից կը նկատէ:
Ռուս պաշտօնատարը համոզուած է նաեւ, որ վերջին շրջանի հրադադարի պարբերական խախտումները ի վերջոյ կրնան վերածուիլ լայնածաւալ գործողութիւններու:
Ղարաբաղը իբրեւ առանձին բանակցային կողմ այս գործընթացին միանալու հաւանականութիւն չի տեսներ Քելին, ըստ որուն Ղարաբաղը որոշ հանգրուանի մը (ինք չէ ուզած բացայայտել, թէ ո՞ր նախագահին օրօք) դուրս բերուած է բանակցութիւններէն, նկատի առնելով, որ անոր մասնակցութիւնը անհնար կը դարձնէր որեւէ համաձայնութիւն:
«Անկարելի է Լեռնային Ղարաբաղը հակամարտութեան լուծման բանակցութեանց մէջ իբրեւ երրորդ կողմ ընդունիլ, այլապէս, նման դասաւորումով անկարելի պիտի ըլլայ կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացնելը», յայտնած Է Քելին «Էյ.Փի.Էյ.»ի Մոսկուայի թղթակիցին:
«Իրականութեան մէջ Երեւան պայման դրած էր, որ Ղարաբաղը պէտք է մասնակցի գործընթացին՝ իբրեւ երրորդ կողմ: Այդ պահանջքը դրուած էր, երբ Հայաստան կը նկատէր, որ Ղարաբաղը պէտք է Հայաստանի մաս կազմէ կամ անկախ պետութիւն դառնայ: Հետագային, տեսակէտները փոխուեցան: Որոշ նախագահներու (որոնց անունը չեմ ուզեր յայտնել այստեղ) իշխանութեան օրօք, որոշուեցաւ յառաջ երթալ առանց այս պայմանին, որովհետեւ այդ մօտեցումը ոչ կառուցողական մթնոլորտ կը ստեղծէր», ըսած է Քելին:
Ըստ ռուս պաշտօնատարին, Հայաստան իր դիրքորոշումը բանաձեւելու ժամանակ նկատի կ՛առնէ արդէն Ղարաբաղի տեսակէտները, ինչ որ հնարաւոր կը դարձնէ անոնց արտայայտութիւնը Մատրիտեան սկզբունքներուն մէջ: Այսուհանդերձ, ըստ իրեն, Ատրպէյճան չի կրնար որեւէ փաստաթուղթ մշակել իր տարածքին «մէկ մասը նկատուող» Ղարաբաղի մասնակցութեամբ: