ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 16ին, Կլենտէյլի «Ռենեսանս» ճաշարանին մէջ կայացած Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ճաշկերոյթը յաջողութեամբ պսակուեցաւ. անոր ընթացքին շարք մը մրցանակներ յանձնուեցան:
Յանձնախումբին «Ղեկավարման մրցանակ»ը շնորհուեցաւ Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետ Լերի Զարեանին, իսկ «Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի բարեկամ» մրցանակին արժանացաւ «Favorite Place» ճաշարանի սեփականատէր Ալիսա Ասմարեանին:
Մրցանակներ ստացան նաեւ «Glendale Youth Alliance» եւ «Glendale Healthy Kids» կազմակերպութիւնները: Մրցանակները կազմակերպութեանց անունով ստանձնեցին յաջորդաբար Էլիզապէթ Մանասարեանն ու Քամիլ Լեւին:
Տարուան երիտասարդ գործիչի մրցանակին արժանացաւ Լիոլիա Յովհաննիսեանը:
Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեանը:
Տեղի ունեցաւ նաեւ լուռ աճուրդ, որուն համար յանձնախումբին նուէր տրուած գործերէն մէկն էր Կլենտէյլի համայնքային համալսարանի հոգաբարձութեան անդամներէն Վահէ Փիրումեանի մէկ լուսանկարը: