ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ
Սեպտեմբեր 2010ի վերջին Կիրակին, յետմիջօրէի ժամը 3ին, Լոս Անճելըսի «Զիփփըր» հանդիսասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Դիլիջան» երաժշտական համոյթի Զ. տարեշրջանին )2010-2011( բացումը՝ «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան հովանիին ներքեւ։ Վեց տարիներէ ի վեր «Դիլիջան»ի գեղարուեստական ղեկավար ջութակահար Մովսէս Պօղոսեան եւ «Լարք» հիմնարկի տնօրէն, խմբավար Վաչէ Պարսումեան, նախանձելի բծախնդրութեամբ բարձր կը պահեն հայ երաժշտութեան, ի մասնաւորի արդի եւ ժամանակակից ստեղծագործութեանց դիմագիծն ու նկարագիրը, 30է աւելի արհեստավարժ հայ եւ ոչ հայ (բայց «Դիլիջան»ով շատ խանդավառ) արուեստագէտներու շնորհիւ։
«Զիփփըր» համերգասրահի հերթական «այցելուներս» սրտատրոփ կը սպասենք, ամէն տարի, Սեպտեմբերէն մինչեւ Ապրիլ երկարաձգուող թիւով վեց ներկայացումներուն, որոնց ընթացքին վայելած ենք առաջնահերթօրէն ժամանակակից ստեղծագործներու Զոհրապեանի, Ավանէսովի, Մանսուրեանի, Շարաֆեանի, նաեւ ոչ հայ երգահաններու հայաբոյր ստեղծագործութիւններու նաւակատիք-առաջնեկ մեկնաբանութիւնները։ Գիտէ՞ք ինչ անհուն բերկրանք է, նաեւ քաջալերութիւն, երբ անոնք գիտեն որ ափ մը ունկնդիրներ, մեծ մասամբ հաւատաւոր հայեր, անհամբեր են լսելու իրենց 2 ամիս կամ 3 շաբաթ առաջ հնարած հեղինակութիւնը, որ պիտի կրէ հպարտօրէն «World premiere» վերնատառութիւնը։ Այդ կտորները առ հասարակ պատուիրուած եւ հովանաւորուած են «Դիլիջան»ի կողմէ եւ անոնց հեղինակները կը հրաւիրուին ունկնդրելու, նաեւ մասնակցելու իրենց իսկ գործերու մեկնարկին։ Օրինակ՝ հեղինակ Տիգրան Մանսուրեան կամ Արթուր Ավանէսով կը մասնակցին, իբրեւ դաշնակահար, իրենց գործերու մեկնաբանութեան։
«Դիլիջան»ի կազմակերպիչները սկզբունքով կը պատուիրեն փոքր խմբային կառոյց ունեցող կտորներ երիտասարդ հայ հեղինակներէն. օրինակ երգ-դաշնակ-թաւջութակ կամ, արդի ոճով երրեակ՝ դաշնակ-փողային նուագարան մը-հարուածային քիչ թիւով գործիքներ մէկ նուագողի համար։ Ուրեմն, սկզբունքօրէն, սենեկային տիպի քիչ մը վերացական եւ յաճախ դժուարամերձ գերարդի գործերու հետ է մեր շփումը։ Տեղին է ըսել որ վեց տարուայ այս անսովոր խիտ, սակայն պատուաբեր գործունէութեան ծիրէն ներս կարելի էր, տարեկան վեց համերգներու գոնէ մէկ հատի ընթացքին լսել միայնակ գործիքի նորագոյն ստեղծագործութիւն մը եւս, օրինակ՝ դաշնակ, այսպէս, անգամի մը համար դուրս գալով «սենեկային»ի քիչ մը խոժոռ շրջափակէն, տրուած ըլլալով որ այդ բազմաձայնացանց նուագարանը, դաշնակը, տակաւին կը պահէ իր ժողովրդականութիւնը եւ, մանաւանդ, գործ արտադրողին համար իւրայատուկ ոճ կամ ասելակերպ ստեղծելու հնարաւորութիւնները բազմաթիւ են այդ գործիքին հետ։
Ինչ որ աննախընթացօրէն եւ արտակարգօրէն բացառիկ է «Դիլիջան»ի պարագային, յայտագիրին մէջ երեւցող «World premiere»ներու շլացուցիչ բարձր թիւն է։ Երեւակայեցէք տարեկան 7էն 8 բոլորովին նոր գործեր, երբեմն, ինչպէս այս տարի, նոյն օրուայ յայտագիրին վրայ երկու բոլորովին նոր կտորներ, որոնք միայն մէկ անգամ պիտի նուագուին եւ ապա… թերեւս ոչ յիշուին, ոչ նուագուին, ոչ մեծարուին, քննարկուին… Ինչո՞ւ գոհանալ մէկ անգամուայ ունկնդրութեամբ երբ հեղինակը գրած է, մեկենասը վճարած է, գրող արուեստագէտը հրաւիրուած է եւ անոր կեցութիւնը ապահովուած։ Մեր իրականութեան մէջ նուիրատուները շա՜տ քիչ են, ուստի՝ շատ արժէքաւոր են. ինչո՞ւ երկրորդ անգամ չհրամցնել անոնց եւ մեզի՝ իրենց իսկ հովանաւորած երկը։ Նայեցէք հետեւեալ օրինակին. «Jacaranda» անունը կրող խումբը, Glowing Pinnacle անունը կրող յայտագիրի մը մէջ, որ տեղի պիտի ունենայ 2011 Մարտ 12ին, պիտի ներկայացնէ թիւով եօթը բացառապէս հայ հեղինակներ՝ ունկնդիրներուն հրամցնելով անոնցմէ մէկական գործեր (միայն մէկ հատ World premiere). այդ համերգը պիտի կրկնուի յաջորդ օրը՝ Մարտ 13ին եւս. այսպէս պատուուած պիտի ըլլան, երկրորդ անգամ, թէ՛ հեղինակները, թէ՛ անոնց երկերը եւ թէ երաժշտասէր ունկնդիրն ու կտորները մեկնաբանող նուագածուները։ Ըսածս ի հարկէ քննադատութիւն չէ, այլ երաժշտասէրի մը թելադրութիւնը։ Անմիջապէս ըսեմ որ ԼԱՐՔի գործադիր մարմինը գիտակից է կացութեան եւ միջոց չի խնայէր լուծելու այս հարցը։ Օրինակ. այս տարի «Տրազարկ» հրատարակչատունը (Փասատինա) լոյս ընծայեց բացառիկ եւ իր տեսակին մէջ աննախադէպ հատոր մը։ Հոն ամփոփուած են, Արթուր Ավանէսովի խմբագրութեամբ, հինգ նորագոյն նուագահաններու դաշնամուրային յատկանշական ստեղծագործութիւնները։ Անոնցմէ քանի մը հատը հեղինակ, դաշնակահար, դասախօս, բոլորին մէջ ալ մասնագէտ Ավանէսով ներկայացուց առանձին մենահամերգով մը ԼԱՐՔէն ներս, որու ընթացքին ան տուաւ բացատրութիւններ՝ մեկնաբանելով իր եւ իր ընկերներու գործերը, որոնց բնագիրները տպուած ունէինք մեր ձեռքերուն մէջ եւ, երբ այս խիստ պատասխանատու գործը յանձն կ՛առնուի ճի՛շտ անձին կողմէ, արդիւնքը կ՛ըլլայ փառաւոր, եւ անկէ իսկական շահողները կ՛ըլլան մեր ոգեղէն ճարտարապետութիւնը եղող երաժշտութեան նոր եւ թանկարժէք կերտողները՝ Վաչէ Շարաֆեան, Արթուր Աքշէլեան, Արամ Յովհաննիսեան, Վարդան Յարութիւնեան, եւ ի՛նքը՝ Արթուր Ավանէսով։ Ավանէսովը միակը չէ բարեբախտաբար այս խիստ կենսական գործին լծուած։ Մեր մօտ, Կլենտեյլի մէջ ունինք արդի երաժշտութեան ոգի ի բռին նուիրուած դաշնակահարուհի, ԼԱՐՔի կողմէ քաջածանօթ, «Դիլիջան»ի մասնակցած Ծովիկ Մարգարեանը. ան մեղուաջան կիրքով եւ գիտութեամբ կը պեղէ եւ հանրութեան կը ներկայացնէ նոր հեղինակներու նորագոյն գործերը։
Ուրեմն Սեպտեմբեր 26, 2010, ժամը 3ին, «Զիփփըր» հանդիսասրահին մէջ մենք պիտի լսենք, դասական երկու կտորներու հետ, առաջին համաշխարհային ունկնդրութիւն-մեկնարկը եղող Մ. Իսրայէլեանի դաշնակի Երրեակը եւ, աներեւակայելի բայց արդէն իրաւագրուած, ամերիկացի Ian Krouse-ի Nocturne )«Ցայգերգ»(՝ պարիթոն ձայնի եւ լարային քառեակի համար գրուած կտորը, հիւսուած Մեծարենցի, Տէրեանի եւ Գ. Մահարիի քերթուածներուն վրայ։ Իսկ այս նորանոր կտորը հայերէնով կատարողը պիտի ըլլայ համաշխարհային հռչակի տիրացած պարիթոն՝ Վլատիմիր Չէրնովը։ Ո՞վ է երգահան Krouse, ի՞նչ կապերու հետեւանքով ծանօթացած է մեր երեք մեծերու քերթուածներուն եւ զանոնք երաժշտաւորելու ձեռնարկած… կու գանք, կ՛իմանանք պատմութիւնը եւ կը վայելենք անհաւատալիօրէն համաշխարհայնացած հայ բանաստեղծութեան երաժշտականացումը եղող այս նոր երկը։
Այս Զ. երաժշտական տարեշրջանին պիտի պատուուին հայրենի երկու մեծագոյն երգահաններ՝ Ալեքսանդր Յարութիւնեանը եւ Եդուարդ Միրզոյեանը, որոնք այս տարուան ընթացքին կը թեւակոխեն իրենց 90րդ տարին։ Իսկ հիւր երաժիշտներու շարքին են, Վ. Չէրնովի կողքին, աշխարհահռչակ անուններէն ջութահար (ալթօ ջութակ) Քիմ Խաշխաշեան, Արթուր Ավանէսով, թաւջութակահար Ռոհան տը Սարամ։
Հասցէ՝ Colburn School, 200 S. Grand Ave., Los Angeles, CA 90012