ԱԹԷՆՔ.- ՀՅԴ Աթէնքի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22ի երեկոյեան, Ֆիքսի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի բակէն ներս տեղի ունեցաւ Նէա Զմիռնի եւ Սիսիան քաղաքներու եղբայրացման 10ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը՝ երկու քաղաքներու տեղական ղեկավարման բարձրագոյն ներկայացուցչութեանց եւ հայրենի «Ամբերդ» պարախումբի մասնակցութեամբ:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Սթավրոս Ծուլաքիս, նախկին քաղաքապետ Եորղոս Քութելաքիս եւ փոխքաղաքապետները, ինչպէս նաեւ Սիսիանի քաղաքապետ Աղասի Յակոբջանեան, փոխքաղաքապետներ Վարոտ Սիմոնեան եւ Կարէն Յովհաննէսեան եւ ՀՅԴ Սիսիանի կոմիտէի անդամներ Վոլոտիա Յակոբջանեան եւ Գագիկ Խոսրովեան:
Ձեռնարկին նախագահեց Արլէն Ղեւոնդեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ տարիներու ընթացքին հայկական եւ յունական եղբայրական զգացումներուն, որոնք պատմական էջերու մէջ ցոյց տրուած են բազմաթիւ առիթներով, իսկ յատկապէս՝ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան օժանդակութեան՝ հայրենի Սիսիան քաղաքին:
Նախագահը անդրադառնալով Սեպտեմբեր ամսու պատմական երեք կարեւոր դէպքերուն՝ նախ յիշատակեց հայ-յունական բարեկամութեան ծնունդը, որ սկսաւ Իզմիրի աղէտէն, երբ երկու գաղթական ժողովուրդները ստիպուեցան լքել Փոքր Ասիոյ հողերը: Ապա ան յիշատակեց Սեպտեմբեր 2, 1991ի Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան հռչակումը եւ Սեպտեմբեր 21, 1991ի Հայաստանի հանրապետութեան վերանկախացման հռչակումը:
Բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ Սիսիանի քաղաքապետ Աղասի Յակոբջանեան, որ իր խօսքին մէջ գնահատեց եղբայրացած քաղաքի համագործակցութեան բարձր մակարդակը. խօսք առաւ նաեւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Սթավրոս Ծուլաքիս, որ անգամ մը եւս նշեց իր ուրախութիւնը հայկական համայնքին քով գտնուելուն համար, ու պարզեց եղբայրական իր զգացումները: