ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Գեղեցիկ աւանդութեան եւ սովորութեան համաձայն, Հոկտեմբեր ամիսը նուիրուած է հայ մշակոյթին: Ասկէ մեկնած, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգ. առաջնորդարանի Առաքելութեան տարածման յանձնախումբին, կազմակերպուած է յատկապէս Մոնթրէալէն (Գանատա) հրաւիրուած ապակեայ նկարչական գործերու արուսետագէտ Վաչէ Առաքելեանի գեղարուսետական ստեղծագործութիւններու իւրայատուկ ցուցահանդէս մը՝ Հոկտեմբեր ամսուան առաջին երկու օրերուն, Ազգ. առաջնորադարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ:
Առիթէն օգտուելով եւ մանաւանդ մեր ընթերցողներուն առաւել մօտէն ծանօթացնելու միտումով, արուսետագէտ Առաքելեանի հետ ունեցանք հնադիպում-մտերմիկ զրոյց մը, որմէ հանրութեան կը ներկայացնենք էական բաժինները:
– Ո՞վ է Վաչէ Առաքելեան
Տէր Զօր (Սուրիա) ծնած Վաչէն, ինքզինք «անապատի զաւակ» կ՛անուանէ, առանց սակայն «անապատի արեւը» տեսնելու եւ կամ «վայելելու», որովետեւ հազիւ մէկ տարեկան՝ արդէն ծնողքին հետ կը փոխադրուի Պէյրութ (Լիբանան):
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի «Չաթալպաշեան» ազգային վարժարանէն ներս, իսկ երկրորդականը՝ «Խանամիրեան»էն:
Լիբանանեան պատերազմը գլխաւոր պատճառը դարձած է, որ իր բարձրագոյն ուսման ընթացքը շատ յաճախ ընդհատուի ու այս ձեւով ուսման իր այդ մեծ տենչը չիրականանայ: Բայց հակառակ այս իրողութեան, տակաւին պատանի հասակին, ինքզինք նետած է հայ մշակոյթի սպասարկութեան եւ ծառայութեան դաշտ, մանաւանդ՝ հայ թատրոնի ծիրէն ներս:
Սակայն շնորհիւ իր հետ ծնած ու մեծցած բնածին ձիրքին, արուեստին նկատմամբ սիրոյն եւ պաշտամունքին, ու մանաւանդ իր հնարամիտ երեւակայութեան եւ իր մէջ թագնուած բազմազան խորհուրդներու արձագանգին, ինքզինք առաջնորդած է դէպի նոր արուսետի մը հորիզոններ, ու այս մէկուն իբրեւ արդիւնք՝ շատ կանուխէն ոչ միայն սկսած է ապակիի վրայ զարդանկարչութիւններ եւ մանրանկարչութիւններ կատարելու, այլեւ իր անմիջական շրջապատին ուշադրութիւնն ու կեդրոնացումը գրաւելու:
Սոյն արուսետին նկատմամբ իր ինքնազարգացման առաջին յաջող քայլերը սկսած են Լիբանանէն:
– Ճանչնանք արուեստագէտ Վաչէն
Տարիներէ ի վեր, հայ երիտասարդ մեր արուսետագէտ հիւրը կ՛ապրի Մոնթրէալ: Իր բնակարանին նկուղը վերածած է իր ստեղծագործութիւններու շտեմարան-աշխատանոցին: Այլ խօսքով, նոյն այդ փոքր սենեակէն ներս է, որ ան ժամերով կը բեղմնաւորէ իր ստեղծագործութիւնները:
Միշտ կը շեշտէ, թէ իր առաջին փորձը եղած է ապակիի վրայ խաչ մը գծել կամ պատրաստել: Այս մէկը ինքնին կը փաստէ, թէ իբրեւ արուեստագէտ-հեղինակ՝ ան ազգային բնոյթ կրող երեւոյթներէ ներշնչուելով սկսած է իր աշխատանքին:
Միշտ ըլլալով դարու ունկնդիրը՝ անկաշկանդ տարածած է իր մտասեւերումները ու այս ձեւով ծնունդ տուած է ապակիի վրայ զանազան գծագրութիւններու՝ արեւածաղիկէն մինչեւ «քաքթիւս»:
Անոր իւրաքանչիւր գործ՝ իբրեւ մտայղացում ու անոր ունեցած ձիրքի արտադրում, իր ետին պատմութիւն մը ունի: Ինք կը շեշտէ, թէ իր ներաշխարհն է, զոր հանրութեան կը ցուցադրէ իր այս արուսետի ճամբով:
Այսպէս, օրինակներ վերցնելով՝ կարելի է յիշել, թէ ինք անապատի մէջ (Տէր Զօր) ծնած ըլլալով՝ «քաքթիւս» կը նկարէ: Միւս կողմէ, ան կը սիրէ լեռները մագլցիլ՝ իբրեւ ժամանց եւ մարզանք, ուստի տերեւ եւ ծաղիկ կը գծէ իր ապակիներուն վրայ:
Նոյնիսկ նկարած է Յիսուսի Ծննդեան աւետումը, որ մեծապէս արժանացած է բազմաթիւ գնահատականներու՝ յատկապէս հոգեւորական դասէն:
Արուսետագէտ Վաչէ՝ իբրեւ իրատես հայ անհատ, միշտ կը հաստատէ, որ իր կեանքին մէջ անձնական իր տագնապներն ու ապրումները, յուզումներն ու սէրերն են, որոնք զինք հոգեպէս բարձրացուցած են եւ առաջնորդած՝ ստեղծելու այն բոլոր գործերը, որոնք ներկայիս մեծ արժէք կը ներկայացնեն արուեստի աշխարհէն ներս:
Պէտք է ըսել, որ անոր իւրաքանչիւր գործի մէջ, ապակիի «թեքնիք»ի կողքին կայ նաեւ իմաստ եւ խորհուրդ: Մէկ խօսքով, իր գործերը իր կեանքին հայելին են, կամ տեսակ մը բաց գիրքեր, որոնք նկարչական լեզուով կը խօսին:
Անկախ Մոնթրէալէն, Վաչէ Առաքելեան իր գործերը ցուցադրած է նաեւ Գանատայի Վանքուվըր եւ Թորոնթօ քաղաքներուն մէջ, ու վայելած հայ եւ օտար հասարակութեան գնահատանքն ու յարգանքը:
Շուտով ցուցահանդէս մըն ալ պիտի կազմակերպուի Երեւանի մէջ: Այս օրերուն ան առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայանայ լոսանճելըսահայութեան:
Յիշենք, որ մեր շրջանէն ներս, ապակիներու վրայ գծուած իր նկարչական աշխարհի ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 1 Հոկտեմբեր, 2010ին, երեկոյեան ժամը 7էն 10: Իսկ Շաբաթ, 2 Հոկտեմբեր 2010ին՝ ժամը 10էն 5, ազգային առաջնորդարանէն ներս:
Հաճելի է վայելել ներկայութիւնը հայու մը, որ իբրեւ արուեստագէտ՝ իր կեանքը նկարչական աշխարհով կը ներկայացնէ հանրութեան: Պէտք է անպայման քաջալեր հանդիսանալ:
Ուստի յաջողութիւն եւ յարատեւութեան բարի մաղթանքներ: