ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- Սեպտեմբերի սկիզբը Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Կիրիլ Առաջին Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ներկայացուցած է Կովկասի մահմետականներու հոգեւոր վարչութեան նախագահ Շէյխ ուլ իսլամ Փաշազատէի խնդրանքը՝ միջնորդելու ՀՀ իշխանութիւններուն մօտ՝ Ատրպէյճանին վերադարձնելու Յուլիս 19ին ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանի Չայլու գիւղի դիրքերուն վրայ յարձակած ատրպեճանական խումբի անդամ Մ. Իպրահիմովի դին:
Ըստ Մայր Աթոռէն հրապարակուած հաղորդագրութեան, այդ առիթով Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հանդիպում մը ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ՝ ներկայացնելով Համայն Ռուսիոյ Պատրիարքին եւ Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդին խնդրանքը:
Քննարկման արդիւնքներուն մասին Վեհափառ Հայրապետը տեղեկացուցած է Ռուսաց պատրիարքին, թէ հայկական կողմը մշտապէս բարեացակամ է եւ Կարմիր Խաչ միջազգային կազմակերպութեան միջոցով յաճախ կազմակերպած է ռազմագերիներու, զոհուած զինուորներու դիերու վերադարձը ատրպեճանական կողմին, մինչ Ատրպէյճանը ոչ միայն դադրած է նոյն կերպ վարուիլ, այլեւ կը կատարէ յաճախակի սադրիչ փորձեր՝ ԼՂՀ տարածք ներթափանցելու, որ բնաւ չի նպաստեր հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ փոխվստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման:
«Հայկական կողմը պատրաստակամ է քննութեան առնել նման դիմումներ, եթէ Ատրպէյճանը եւս պատրաստակամութիւն ցուցաբերի՝ վերոյիշեալ խնդիրները դիտարկելու արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան վերականգնման միջոցով՝ հաւատարիմ միջազգային հումանիտար իրաւունքի պահանջներին», ըսուած է Մայր Աթոռի հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ խօսելով նոյն հարցին վերաբերեալ ատրպեճանական կողմի կեցուածքին մասին՝ ըստ որուն, փորձ կը կատարուի սպաննուած ենթասպային դին փոխանցելու հարցը մարդասիրական ոլորտէն քաղաքական ոլորտ տեղափոխել՝ ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի գլխաւոր տեղեկատուական վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան յայտնած է, թէ սպաննուած ատրպէյճանցիին մարմինը տակաւին կը գտնուի չէզոք գօտիի մէջ՝ ԼՂՀ եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ:
«Այն, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մոսկուայի ու Ամենայն Ռուսիոյ պատրիարքի նախաձեռնութեամբ միջնորդութեան խնդրանքով դիմել էր ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին, վկայում է այն մասին, որ Ատրպէյճանն ամէն կերպ փորձում է ներքաշել Հայաստանին հակամարտութեան մէջ եւ գործն այնպէս ներկայացնել, թէ իբր Իպրահիմովը սպաննուել է ՀՀ բանակի զինծառայողների կողմից: Այլ կերպ, քան սադրանք, սա դժուար է անուանել: Մինչդեռ, Ատրպէյճանը նման խնդրանքով պէտք է դիմի ոչ թէ Հայաստանին, այլ ԼՂՀին», ըսած է Բաբայեան՝ աւելցնելով, որ Պաքուի մէջ կը գերիշխէ իրականութեան ոչ համարժէք ընկալումը: