Արմաշու Շունչը Կայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքի Ուսանողութեան Մէջ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Դպրեվանքի վերաբացման թուականը կանխող այս շաբաթներուն, երբ ազգովին կը նախապատրաստուինք նաեւ տօնելու մեր Թարգմանիչ Վարդապետներուն՝ Ս. Սահակ-Մեսրոպի եւ անոնց աշակերտներուն յիշատակը, մեր մտածումները կը կեդրոնանան այն սրբազան յարկին վրայ, որ մեր եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայութեան նուիրուելու կոչում ունեցող երիտասարդութեան արեւելում կու տայ: Հիմնարկ՝ որուն լայնանիստ սիւներուն նիւթերը միայն խունկն ու աղօթքը չեն, այլ մեր հայրերու լոյս հաւատքը, գիտութիւնն ու իմաստութիւնը, որոնք ջերմեռանդ աղօթքի արցունքով շաղախուած են:
Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան ամէնէն յատկանշական ժամանակին, 19րդ դարու վերջալոյսին, անոր կազմակերպական կեանքին նոր թափ տուաւ Արմաշի Դպրեվանքը, որուն շունչ տուողը դարաւոր վանքին կամարներն ու քարերը չեղան միայն, այլ համոզում ունեցող մարդիկ՝ Օրմանեան եւ Դուրեան, տէրը իրենց կոչումին, քաջածանօթ մեր ժողովուրդի պատմութեան, ու հոգեւոր ասպարէզին մէջ իրենց հմտութեամբ ու ծառայութեամբ՝ երկարաշունչ երաշխիքներ մեր ազգի ու եկեղեցւոյ ապագայ կեանքին:
1889-1890 թուականներուն իրարմէ մէկ տարի տարբերութեամբ Արմաշու Դպրեվանքը մուտք գործեցին երկու տիտաններ՝ Մաղաքիա արք. Օրմանեան, եւ Եղիշէ Ծ. վրդ. Դուրեան, ո՛չ միայն հիմնելու իմացական լոյսի քարեղէն տունը, այլ՝ իրենց մտքի հնոցին մէջ թրծելու ազգի ու եկեղեցւոյ ծառայութեան կոչում ունեցող նորահաս պատանիները:
Պատմութեան ընթացքին եղած էին դպրանոցներ, որոնք հոգեւորական սպասաւորներ պատրաստած էին մեր եկեղեցւոյ ծառայութեան համար, սակայն նոր օրերու մարտահրաւէրներուն դիմաց, Արմաշու Դպրեվանքը համապատասխան մօտեցում ցուցաբերելու կոչուած ուսումնական հիմնարկն էր այդ օրերուն: Հիմնադրութենէն հազիւ վեց տարի անցած, եօթը աբեղաներ ուսումնապէս ու հոգեպէս պատրաստուած, պիտի մտնէին ժողովուրդի կեանքին մէջ: Անոր պիտի յաջորդէին երկու դասարաններ եւս, աճեցնելով նորընծաներուն թիւը, որոնց որակը միշտ նախապատիւ համարուած էր Դպրեվանքի վերատեսուչներուն՝ Օրմանեանի եւ Դուրեանի կողմէ:
Արմաշու Դպրեվանքին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին միջեւ հասարակաց գիծեր կամ նոյնութիւններ գոյութիւն ունին, որոնց յայտնաբերումը երկար տարիներու հետազօտութեան չի՛ կարօտիր: Արշակ Չօպանեան, այդ օրերու մամուլին մէջ իր հրատարակած յօդուածով կ՛անդրադառնայ Արմաշու Դպրեվանքի առաջին հունձքին, զայն տարբերելով անցեալին տեղի ունեցած ձեռնադրութիւններէն ու հոգեւորական հասցնելու ստիպողականութեան դիմաց գտնուող եկեղեցական իշխանութիւններու կողմէ կատարուած տնօրինումներէ. «Մեզի համար այս դէպքը կարեւոր է, եւ շատ տարբեր կրօնական ձեռնադրութիւններէ, անո՛վ որ միայն կրօնքի մարդիկ չէին մեզի ընծայուածները, այլ մանաւանդ ուսումնասիրութեան մարդիկ», կը գրէ ան:
Դիտեցէ՛ք անցնող տասնամեակներու հայ կեանքը, գաղութային իր գունագեղ պատկերով մանաւանդ: Սփիւռքի տարածքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն շրջանաւարտ հոգեւորականները եկեղեցական չեն միայն, բառին նեղ հասկացողութեամբ, այլ իրենց վանական պատասխանատուութիւններուն մէջ, թէ թեմական ծառայութեան կեանքէն ներս, ուսման ու կրթութեան, հոգեւոր թէ մշակութային դաստիարակութեան նուիրուած առաքեալներ են, իրենց անձերը նոյնացուցած մեր ժողովուրդի հոգեկան յուզմունքին ու խռովքին, տագնապներուն ու ազգային իտէալներուն:
Նոյն այս Դպրեվանքէն դուրս եկան 20րդ դարու մեր եկեղեցականութեան ամէնէն փայլուն դէմքերը՝ Հայրապետներ եւ բարձրաստիճան թէ համեստ հոգեւորականներ, որոնք Ցեղասպանութենէն վերընձիւղուող հայութեան կեանքին մէջ բազմաբնոյթ աշխատանք ծաւալեցին: Աստուածաբանական ու մտաւորական իրենց ներդրումին կողքին, հայու խլեակներուն մինչեւ իսկ ուտեստեղէն մատակարարելով, ու վերապրող նոր սերունդին որբախնամութիւնը ու անոր կրթական կեանքի կազմակերպումի աշխատանքը անձամբ կատարելով:
Հայեցի կրթութիւնը եւ ազգայնաշունչ մթնոլորտը որ կը տիրէ Դպրեվանքին մէջ, դարձեալ ժառանգուած է Արմաշէն: Թուրքին բարբարոսութեան զոհ գացած այդ պատմական Դպրեվանքի շրջանաւարտներէն մին, որ հետագային հայ եկեղեցւոյ փայլուն դէմքերէն պիտի հանդիսանար, իր ուսուցչին՝ Դուրեանի երեսնամեայ յոբելեանին առթիւ իր գրած վկայութեան մէջ կը յիշէ, թէ ինչպէս Դուրեան երբ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստացած, Հայաստանէն կը վերադառնայ, իր հետ մէկ ափ խիճ կը բերէ Սեւանի ափունքէն, զայն իբրեւ մէկական մարգարի՜տ, մէկական կա՜յծ, մէկական արցո՜ւնք հայրենիքէն, յանձնելու իր աշակերտներուն: Տպաւորութիւն՝ զոր աշակերտները իրենց հետ պիտի տանէին մինչեւ գերեզման
:
Դարձեալ, ան կը յիշէ իր ուսանողութեան օրերը, երբ Արմաշի Վանքին մէջ, Թարգմանչաց տօնի եկեղեցական նախատօնակէն ետք, վանքի շրջափակին մէջ զոյգ խարոյկներ կը վառէին, որոնցմէ մէկը Ս. Սահակը կը խորհրդանշէր, իսկ միւսը Ս. Մեսրոպը, իբրեւ լուսատու ջահերը մեր մշակոյթի տան…: Տպաւորութիւն՝ որ այդ օրերու Դպրեվանքի սաներուն վրայ այնքան պիտի ազդէր, որ հետագային անոնց արձակ թէ ոտանաւոր գրութեանց մէջ իր արձագանգը ու հետքը պիտի թողուր, հայ հոգեւոր գրականութեան ատաղձ հանդիսանալով:
Այսօր եւս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը հայ հոգեւոր ու ազգային մշակոյթի տաճար է, ուր միայն աւանդութիւնները չեն պահպանուիր զմռսուած ու անկենդան, այլ՝ դարաւոր արժէքները նորօրեայ իմաստ կը զգենուն, նոր սերունդին տրուող ամէնէն ժամանակակից ուսման ճամբով, զանոնք հասցընելով մինչեւ միջազգային համբաւ ունեցող համալսարաններու ամ-պիոնները: Ահա այս առումով, Դպրեվանքը իսկական տունն ու տեղն է ուսման ատակ, ու իմացականութեամբ փայլուն ուսանողներու, որոնք մեր ազգին ու եկեղեցւոյ ղեկավարութեան բարձրագոյն աթոռներուն պիտի բազմին ապագային, մեր ժողովուրդի առաջնորդութեան ղեկը ձեռք առնելով:
Բանիմաց հոգեւորականներու իսկ վկայութեամբ, անցած է այն ժամանակը, երբ հաւատացեալներու հօտը կը նկատուէր արջառներու նախիր, որ իր հովիւին քշած ուղղութեամբ պիտի ընթանայ: Անուսներու երամակ չէ՛ հաւատացեալներու հօտը այլեւս, որ կուրօրէն հետեւի աւանդաբար տրուածին: Հաւատքի ու կրօնական կեանքի կնճռոտ ու փշոտ հարցեր գոյութիւն ունին, որոնց համոզիչ պատասխաններ կ՛ակնկալուին հոգեւորականէն: Դպրեվանքը այդպիսի մարդոց պատրաստութեան յատուկ դարբնոցն է, որուն յարկէն ներս մտնելէ առաջ, պէտք է լրջօրէն խորհիլ:
Ասոր դիմաց, սակայն, իր եկեղեցւոյ ինքնուրոյն նկարագրով, հոգեւոր հիմունքով, եկեղեցաբանական դրուածքով ու աստուածաբանական մտածողութեամբ մտահոգ հոգեւորականութիւնը կը պահանջէ հաւասարակշռուած մօտեցում հաւատացեալներուն կողմէ, անոնց նախանձախնդրութիւնը ընդունելով իբրեւ առաջարկ եւ ո՛չ որոշում: Եկեղեցական իշխանութիւնը առաքելական յաջորդութեամբ ստանձնուած սուրբ կարգ ու պաշտօն է, եւ ո՛չ թէ երկրաւոր տնօրինումներու առարկայ: Զարգացած նոր սերունդին, ու համալսարանական երիտասարդութեան դիմաց, բարձրագոյն ուսում ու զարգացում ունեցող հոգեւորականներու ակնկալիքը կը բաւարարէ Դպրեվանքը, որ մինչեւ բարձրագոյն ուսման առիթներ կ՛ընծայէ իր շրջանաւարտ հոգեւորականներուն: Ա՛յս նկատի ունենալով, պէտք է Դպրեվանք ուղարկել ուսման ատակ զաւակները մեր ազգին, համապատասխան արդիւնք քաղելու առողջ հեռանկարով:
Դպրեվանքը գրելու, դաստիարակելու, ուսուցանելու առաջնորդելու, հովուելու, եւ մանաւանդ ծառայելու կիրքով բռնկած մարդիկ կ՛արտադրէ: Վերոյիշեալ «կիրքեր»ուն կրակը Դպրեվանքին մէջ կը բոցավառի, ո՛չ միայն հոգեւորականներ պատրաստելու, այլ նաեւ, մեր ազգին ջահը մի՛շտ արծարծ պահող ազգային գործիչներ յառաջ բերելու համար:
Անցեալին Արմաշը եւս պատրաստեց, հոգեւորականներու փաղանգին չափ եւս աշխարհական նուիրեալներ, որոնք անձնուիրաբար ծառայեցին հայ գրականութեան ու մշակոյթին: Յակոբ Օշականը մէկն է այդ մեծերէն, որոնք իրե՛նք իսկ դպրոց դարձան, ուղղութիւն տալով խարխափողներուն: Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի առաջին սերունդի սաներէն կարելի՞ է մոռնալ անմահանուն Զարեհ Ա. Սքանչելի Վեհափառը, Խորէն Ա. Շինարար Կաթողիկոսը, որոնք 20րդ դարու մեր հայրապետներուն շարքին գիսաւոր աստղերը դարձան, իրենց լուսեղէն անունները կտակելով հայութեան երկնակամարին: Իսկ աշխարհական գործիչները՝ թուով այնքան բազում, որոնց կարելի է հանդիպիլ ամէն գաղութի մէջ, ամէն քայլափոխի, ալեհեր թէ երիտասարդ, նո՛յն եռանդով, եւ որոնք Դպրեվանքէն իրենց տրուած աշխատանքի նո՛յն կայծով կը բոցավառեն ու կը բանեցնեն մեր ազգի հոգեշարժ մեքենան:
80 տարիները շատ կարճ ժամանակամիջոց պէտք է նկատել այսքան աշխատանք ծաւալելու, եւ հոգեկրթման ու մարդակերտումի գործին այսքան կազմակերպ ձեւաւորում տալու համար: Բայց այդ աշխատանքը եղաւ ու կը շարունակուի ա՛յն հաւատքով, որ Դպրեվանքի հիմնադիրները՝ երջանկայիշատակ Սահակ Բ. Խապայեան եւ Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կիւլէսէրեան կաթողիկոսներ ունեցած էին, առաջին վերատեսուչին՝ հոգելոյս Շահէ արք. Գասպարեանին հետ միասին:
1906 թուականին երջանկայիշատակ Սահակ Բ. վեհափառին երազը մասամբ իրականացաւ, երբ երբեմնի թագաւորանիստ Սիս քաղաքի Մայրավանքին մէջ իր նոր վերաբացած Դպրեվանքը սկսաւ շնչաւորուիլ, գաւառներէն ժամանած պատանիներու թարմ շունչով: Սակայն կոտորածներու փոքր ու մեծ արհաւիրքները, որոնք վերջապէս յանգեցան 1915ի Ցեղասպանութեան, ամէն փափաք ու ճիգ խեղդեցին:
Յոյսը, որ մահէն անդին կ՛ապրի, դարձեալ ծնաւ Դպրեվանքը, այս անգամ Լիբանանի մէջ, հեռու հայկական Կիլիկիայէն, Անթիլիասի ծովափին, 1930 թուականին: Ամէնէն խեղճուկ կենցաղային պայմաններով սկսած Դպրեվանքը, այսօր այժմէական ամէն յարմարութեամբ օժտուած է, հակառակ ամբողջ աշխարհի մէջ տիրող տնտեսական զգալի տագնապին: Ապագայ կաթողիկոսներ, եպիսկոպոսներ ու քահանաներ դժուարին պայմաններու մէջ կազմաւորուեցան, բայց կշիռ ունեցող սերունդ դարձան, եւ իրենց կարգին՝ սերունդներ կերտեցին:
Անոնցմէ ո՛չ ոք ամօթ համարեց Աստուծոյ Տունը շէնցնելը իր կատարած եկեղեցական վեհ արարողութեամբ: Ո՛չ ոք ծիծաղելի գտաւ սր-բազան շարականներու կատարումով հաւատացեալ հոգիները լիացնելը: Ո՛չ ոք նուաստացուցիչ գործ նկատեց, այս աշխարհէն յաւիտենապէս բաժնուող ննջեցեալին վրայ աղօթք մրմնջալն ու անոր հարազատներուն մխիթարական խօսք ըսելը, ո՛չ ալ ժամանակավրէպ նկատեց, եկեղեցւոյ մէջ նորահաս երիտասարդները պսակելով, Աստուծոյ օրհնաբաշխ Աջը անոնց հովանի դարձնելը: Իսկ ի՞նչ արգահատելի երեւոյթ կայ նորածին մանուկը մկրտելով, զայն քրիստոնէացնելու նուիրական պարտականութեան մէջ:
Աշխարհի ամէնէն կարեւոր ու բարձր նկատուած աթոռներուն բազմած մարդիկը, կամ այդ դիրքերուն հաւասարազօր պաշտօններ վարող անձերը իրենց բարձրագոյն վկայականներով մէկտեղ, չե՛ն կրնար հաւասարիլ եկեղեցւոյ ամէնէն համեստ սպասաւորին, որ աստուածատուր՝ ի վերուստ իրեն տրուած կոչումով, իր առաքելութիւնը լիուլի կը կատարէ: Մինչ անոնք իրենց գո՛րծը կը կատարեն, ասիկա՝ Աստուծո՛յ կամքը կը գործադրէ:
Ազգընտիր վեհափառ հայրապետ Արամ Ա. կաթողիկոսի վկայութեամբ, այս հաստատութեան առաջին ու վերջին անունը ծառայութիւն է: Դպրեվանքէն դուրս եկող ծառայասէր հոգիներուն առ ի գնահատանք, փառքը կու տայ մեր ժողովուրդը իբրեւ աննիւթեղէն շքանշան, զայն դրոշմելով իրեն ծառայող հոգեւորականներու ճակատին: Սակայն այնպիսի փառք՝ որ նախ «խա»չ է:
Դպրեվանքէն լոյս ըմպելու համար, լուսածարաւ հոգիներ են պէտք: Իսկ այդ լոյսին արժէքը կ՛իմանան միայն անոնք, որոնք հոգեւորական ասպարէզը ընդգրկելու եւ այդ ճամբով ծառայելու երջանիկ զգացումը ծնունդո՛վ ունեցած են իրենց հոգւոյն մէջ: Այլապէս անոր մասին խօսիլն ու մտածելը յիմարութիւն կը թուի ոմանց, ինչպէս Առաքեալն ալ մեր նկատողութեան կը յանձնէ, թէ՝ խաչին մասին քարոզութիւնը ոմանց համար յիմարութիւն կը թուի (Հմմտ Ա.Կր 1.18): Բայց պէտք չէ՛ մոռնալ միաժամանակ որ Աստուած, իրենց անձը իմաստուն կարծողները իրենց ճարպիկութեան մէջ կը բռնէ (Հմմտ Յբ 5.13), որովհետեւ այս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ աչքին յիմարութիւն է (Հմմտ Ա.Կր 3.19): Միւս կողմէ, եթէ իսկապէս ի ծնէ սահմանուած չըլլան անոնք երկնային առաջնորդութեամբ ընթացող այս ասպարէզին, ուշ կամ կանուխ կ՛իյնան անոր վրայէն, ամէնէն մեղմ զեփիւռին հետ նռնենիէն թափուող բոսոր ծաղիկներուն պէս:
Դպրեվանքի դռները բաց են կարելի եղածին չափ լայն, կոչեցեալները իր մօտ հրաւիրող Յիսուսի թեւերուն նման տարածուած: Սակայն մի՛ մոռնաք, որ կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները՝ քիչ (Հմմտ Մտ 20.16):