ԽԱՐՔՈՎ, Ուքրանիա.- Խարքովի քաղաքապետարանի պաշտօնակատար Քենաթի Քերնես, Սեպտեմբեր 27ին հանդիպած է Ուքրանիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անդրանիկ Մանուկեանին:
Հանդիպման ընթացքին անոնք քննարկած են յարաբերութիւններու սերտացման կարելիութիւնները: Ըստ Քերնեսի, Խարքովի մէջ բացուած է հայկական եկեղեցի մը եւ դպրոց մը, որոնց նկատմամբ քաղաքային իշխանութիւնները մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն: «Մեր պատուիրակութիւնը եղած է Հայաստան, ուր կարեւոր հանդիպումներ ունեցած է եւ կապեր հաստատած: Մեր նախագահը՝ Վիքթոր Եանուքովիչ, շատ բան ըրած է Հայաստանի համար: Կը հաւատամ, որ մենք կ՛աշխատինք միասին եւ Խարքովը քոյր-քաղաք կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ», ըսած է Քերնես՝ ընդգծելով, որ երկու երկիրները նոյն տարիքը ունին, եւ ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ, կարելի է համեմատել Ուքրանիոյ մէջ կատարուածներուն հետ:
Անդրանիկ Մանուկեան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար՝ նշելով, որ քաղաքային իշխանութիւնները մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն հայկական Սփիւռքին: Ըստ անոր, հայերը Խարքովի մէջ, ընկերային առումով, իրենք զիրենք ապահով կը զգան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.