ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովը առաջին ընթերցումով հաստատեց ծխախոտի ու օղիի վրայ յաւելեալ տուրք դնելու որոշում մը, որուն հիմնաւորումը պարզապէս՝ անհեթեթ է:
Ծխախոտն ու օղին օգտակար բաներ չեն, ու որքա՛ն ալ անոնց արժէքը բարձր ըլլայ, որքա՛ն ալ անոնց վրայ հարկեր դրուին, կարելի է միայն ողջունել: Յաւելեալ հարկերը այս երկու ապրանքատեսակներուն վրայ նաեւ կրնայ պետական պիւտճէն հատուցել՝ քաղաքացիներուն անոնց պատճառած առողջապահական վնասներուն դիմաց:
Ինչ որ անհեթեթ ու անհասկնալի է՝ հիմնաւորումն է: Ազգային ժողովին ներկայացուցած այս օրինագիծը կը նպատակադրէ հաւասար մրցակցային դաշտ ապահովել տեղական՝ հայրենի արտադրողներուն, եւ նոյն ապրանքները արտասահմանէն ներածողներուն համար:
Այսինքն, եթէ մարդոց առողջութեան վնասող այս արտադրութեանց տուած միակ մխիթարութիւնը այն էր, որ անոնք գործ կը հայթայթէին մեծ թիւով աշխատողներու, ինչպէս նաեւ ծխախոտի ու խաղողի տեղական մշակման ճամբով գիւղացիներուն ալ օգուտներ կ՛ապահովէին, հիմա, այս նոր օրինագիծով, պիտի սահմանափակուի անոնց տեղական սպառումը՝ յօգուտ աւելի լաւ որակի հռչակ ունեցող արտասահմանեան արտադրութեանց՝ բաւական թիւով բանուորներ անգործութեան դատապարտելով եւ գիւղացիներու զանգուած մը ծանր վիճակի մատնելով:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատգամաւորական խմբակցութիւնը դէմ քուէարկեց այս բանաձեւին եւ մեղադրեց կառավարութիւնը՝ ներմուծող մենաշնորհեալ ընկերութեանց տէրերուն հետ գործարքի մէջ մտած ըլլալու յանցանքով:
Կառավարութեան՝ նման գործարքներու մէջ մտնելու պատրաստակամութիւնը ապացուցուած է նոյնիսկ այնպիսի կարեւորագոյն հարցերու պարագային, ինչպիսին է՝ մայրենի լեզուի հանդէպ հոգատարութիւնը, զոր նոյն այս կառավարութիւնը կ՛անտեսէ՝ միայն մէկ գործարար մարդու շահերը պաշտպանելու դատապարտելի ջանադրութեամբ: