«Էսոշիէյթըտ Փրէս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ըստ ոչ պաշտօնական աղբիւրի մը, Աֆղանիստանի կառավարութեան եւ «Թալեպան» շարժումի ներկայացուցիչները գաղտնի բանակցութիւններ կը վարեն, զինեալ հակամարտութեան վերջ տալու նպատակով։
Աղբիւրին վկայութեամբ, այս անգամ բանակցութիւններու ընթացքին թալեպանները կը խօսին ղեկավար Մուահմմատ Օմարի անունով։
Նախապէս Օմար հրաժարած էր բանակցութիւններուն մասնակցելէ՝ պահանջելով միջազգային ուժերու ամբողջական հեռացումը։
Նախապէս Աֆղանիստանի նախագահ Համետ Քարզայ կը պնդէր, թէ բանակցութիւններու պիտի սկսի, եթէ թալեպանները վերջ տան ահաբեկչական արարքներուն եւ հետեւին սահմանադրութեան։