«Զաւարեան բանակավայր» կամ «Քեմփ Զաւարեան» անունները վերջին տարիներուն հաճելի համ մը կը յառաջացնեն յատկապէս Լա Քրեսենթայի ու շրջակայ մեր ժողովուրդի քիմքին, որովհետեւ անիկա դարձած է շրջանի հայ ծնողներուն ու մանաւանդ մանուկներու եւ պատանիներու համար ամառնային հաճելի ժամադրավայր մը. հայկական միջավայր մը՝ որքա՛ն հաճելի, նոյնքա՛ն ալ օգտակար։
Հաւանաբար ոմանք հարց տան, թէ ի՞նչ է «Զաւարեան բանակավայր»ը։ Անիկա մանուկներու եւ պատանիներու համար ամառը օգտակար եւ արդիւնաւոր դարձնող ձեռնարկ մըն է՝ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէին, եւ ահա երրորդ տարին ըլլալով, անիկա արձակուրդի շրջանին յաջողցուց հաճելի ու դաստիարակչական ծրագիր մը։
Խումբ մը նուիրեալ ուսուցչուհիներ եւ օգնական երիտասարդներ իրականացուցին ծրագիրը, որուն մասնակիցներուն թիւը հասաւ 150ի։ Վաստակաւոր ուսուցչուհի Արփի Տապաղեան եւ ընտանեկան հոգեբան Նորա Քէլէշեան պատրաստած էին խաղի, դաստիարակութեան ու հաճելի ժամանցի «դասացոյց» մը։ 5էն 13 տարեկան պատանիներ լողացին, երգ սորվեցան, ճաշ պատրաստեցին ու կերան, ընդունեցին արուեստագէտներու (օրինակ՝ «Element» խումբի, մանկական երգերու «Հոյ Լարի» խումբին, երգչուհի Թալինին եւ այլ մանկավարժներու) այցելութիւնները եւ պատրաստեցին նաեւ մանկական թատրոններ։
Այս բոլորին մէկ սեղմ արտացոլացումը եղաւ բանակավայրի փակումէն շաբաթ մը առաջ կազմակերպուած հանդէսը։ Հայ կեդրոնի սրահը կը յորդէր ծնողներու բազմութեամբ. ոմանք ոտքի կանգնած հետեւեցան յայտագիրին։ Անոնք տեսան, որ իրենց զաւակները սորված են հայրենասիրական եւ ազգային երգեր, սորված են պարեր ու մարմնամարզի շարժումներ։ Դեռատի մանուկներն ու կրտսեր պատանիները պատրաստած էին նաեւ երկու թատերական գործեր՝ յարմարեցուած՝ մանկական ու զուարճալի պատմութիւններէ. կրտսերներու խումբը բեմ հանեց «Մայր հաւը խճողակ կը պատրաստէ»ն, իսկ պատանիները՝ Յ. Թումանեանի «Բարեկենդանը» պատմուածքին հիման վրայ մշակուած թատերական կտորներ՝ վերամշակուած Սարգիս Մահսէրէճեանի կողմէ: Ծնողներուն համար հաճելի էր ոչ միայն մանուկներուն գրեթէ անսխալ ներկայացումը, այլ մանաւանդ հաճոյացնող հայերէնով արտայայտութիւնները եւ աւելին՝ ձիրքերու յայտնաբերումը։
Հանդէսէն ետք, ներկաները Հայ Կեդրոնի շրջափակին մէջ ունեցան հաճելի պահ մը. ծնողները, որոնք ամբողջ ծրագիրին ընթացքին լաւ գործակցութիւն ցուցաբերած էին ուսուցչուհիներուն ու օգնականներուն, այդ օրն ալ մասնակից էին հիւրընկալման։
Շաբաթ մը ետք, «Զաւարեան բանակավայր»ը 2010 տարուան համար փակեց իր դռները՝ հաճելի ու անմոռանալի յիշատակներ ձգելով մանուկներուն ու ծնողներուն հոգիներուն մէջ։ Ծնողներ, իրենց գոհունակութեան իբրեւ արտայայտութիւն, կազմակերպիչ յանձնախումբին մօտեցան՝ իրենց զաւակները յաջորդ տարուան ծրագիրին արձանագրելու համար ցուցմունքներ ստանալու:
ԾՆՈՂՔ ՄԸ