ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ մամլոյ դիւանը կը տեղեկացնէ, թէ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 11ին աւարտած է ՀՅԴ մամլոյ եւ քարոզչութեան այլ միջոցներու պատասխանատուներու երեւանեան խորհրդաժողովը: ՀՅԴ լրատուամիջոցներուն համար տարին երկու անգամ խորհրդաժողով կազմակերպելը արդէն աւանդոյթ է, որուն ընթացքին կը քննարկուին լրատուամիջոցներուն առջեւ ծառացած խնդիրները ու հետագայ քայլերը: Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին 20 երկիրներէ դաշնակցական լրատուամիջոցներու 30 ներկայացուցիչներ:
ՀՅԴ մամուլի եւ քարոզչութեան այլ միջոցներու պատասխանատուներուն Երկուշաբթի օրուան ասուլիսին ընթացքին ամփոփուեցան խորհրդաժողովին արդիւնքները: ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան տեղեկացուց, որ քննարկուած են հայկական մամուլի համագործակցութեան ու մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ուղիները: Խորհրդաժողովը համընկնած է Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ Արցախի մէջ կազմակերպուած լրատուամիջոցներու խորհրդաժողովին, ուր ՀՅԴ լրատուամիջոցները հանդէս կու գան համահայկական խնդիրներու նկատմամբ միասնական վերաբերմունքով:
Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Աբօ Պողիկեանի համոզումով, ինչպէս Դաշնակցութեան, այնպէս ալ համահայկական խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութեան հիմնական նպատակը համագործակցութիւնն է: Ան տեղեկացուց, որ պիտի փորձուի ձեւաւորել մամուլի հնարաւորութիւններու հայկական քարտէս, ընդգծելով, որ հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներու համագործակցութեամբ միայն կարելի է «չէզոքացնել մեր նկատմամբ եղած որեւէ հրապարակում, հակազդել թուրք-ատրպեճանական քարոզչամեքենային, ու որեւէ հակահայ հրապարակում անպատասխան չձգել»:
Ըստ Պէյրութի «Ազդակ» թերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեանի, թուրք-ատրպեճանական հակահայկական քարոզչութեան դէմ դնելու համար, պէտք է կազմակերպել համահայկական հակակշռող լրատուական գործողութիւններ: Ան առաջարկեց ձեւաւորել հայ մամուլի միասնական դաշտ՝ ընդդէմ թրքական միացեալ քարոզչամեքենային: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ վերջապէս կը կայանայ Հայաստան-Սփիւռք-Ղարաբաղ լրատուամիջոցներու համագործակցութիւնը:
ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Սպարտակ Սէյրանեան նկատել տուաւ, թէ թուրք-ատրպեճանական քարոզչամեքենային համար որեւէ հրապարակում՝ հրապարակում է հայութեան դէմ: Ըստ Սէյրանեանի, այդ քարոզչամեքենային հակազդելու գծով, հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ նկատելի է անկազմակերպութիւնը, զոր ուղղելու նպատակ դրած են ՀՅԴական լրատուամիջոցներու խորհրդաժողովի մասնակիցները:
Յայտնենք, թէ խորհրդաժողովին մասնակցեցան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներ Արեւմտեան, Արեւելեան եւ Հարաւային Ամերիկաներէն, Գանատայէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Եգիպտոսէն, Քուէյթէն, Իրանէն, Արցախէն, æաւախքէն եւ Հայաստանէն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որմէ ետք ՀՅԴ մամլոյ դիւանի, ՀՅԴ մամլոյ եւ քարոզչական այլ միջոցներու վիճակին մասին զեկուցեցին Յարութիւն Յարութիւնեան եւ Վաչէ Բրուտեան։ «Տեղեկատուական ժամանակակից միջոցները եւ մասնագիտական մարտահրաւէրները» նիւթին մասին զեկուցեց Շահան Գանտահարեան, իսկ քաղաքական եւ քարոզչական ուղեգիծին առնչուող հարցերը ներկայացուց Աբօ Պողիկեան։
Զեկուցումներէն ետք կատարուեցան քննարկումներ։