
ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ու Ընկերվար Միջազգայնականի ԱՊՀի, Կովկասի ու Սեւ Ծովի յանձնախումբի համանախագահ Մարիօ Նալպանտեան համոզում յայտնած է, թէ Ղարաբաղի յարակից տարածքներուն մէջ կայացած ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի դաշտային առաքելութիւնը պիտի նպաստէ բանակցային գործընթացին:
«Ազատութիւն» կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին, Նալպանտեան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, թէ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները այցելեցին նաեւ Ստեփանակերտ. «Նախ Ստեփանակերտ այցելեցին՝ Ստեփանակերտը նկատի առնուեց այս շրջապտոյտին մէջ. վերջապէս, կարելի է նկատել, որ իբրեւ կողմ, փաստօրէն, նկատի առնուեց»:
Ան միաժամանակ աւելցուց, թէ հայկական կողմը պէտք է հետեւողական ըլլայ, որպէսզի ԵԱՀԿի Մինսկի խումբը նմանատիպ առաքելութիւն կատարէ նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ:
Համանախագահներուն ներկայութիւնը, անոր կարծիքով, կը նպաստէ մթնոլորտը հանդարտեցնելու եւ բանակցային գործընթացը բնականոն պայմաններու մէջ շարունակելու գործին:
Ան նաեւ յայտնեց, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է լուրջ ջանքեր գործադրեն, որպէսզի Ղարաբաղի իշխանութիւնները դառնան բանակցային կողմ, «որովհետեւ եղել են բանակցային կողմ, ու Ատրպէյճան ժամանակին ընդունել է այդ մէկը: Ճիշդ ձեւով չի այսօր գնահատւում այն կարողականութիւնը, որ կարող է բերել Ղարաբաղի մասնակցութիւնը», ըսաւ ան:
Նալպանտեան նաեւ համոզուած է, որ Հայաստանի կողմէ Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչումը չի խոչընդոտեր բանակցային գործընթացը: «Փաստօրէն, Ղարաբաղը անկախ պետութիւն է. Հայաստանը ոչ իրաւականօրէն ճանաչել է Ղարաբաղի անկախութիւնը, եւ դա արդէն ինքնաբերաբար դարձել է իրականութիւն: Հիմա մնում է իրաւական քայլը կատարելը: Եթէ Հայաստանը վերջնական այդ որոշման գար եւ ճանաչէր, ես չեմ գտնում, որ դա անպայման կը վերածուի հակամարտութեան: Հայաստանը պէտք է վաղուց ճանաչած լինէր Ղարաբաղի անկախութիւնը», աւելցուց ան:
Յիշեցնենք, թէ Նալպանտեան եւ ՀՅԴ Հայ Դատի քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը Պաքուի մէջ մասնակցեցան Ընկերվար Միջազգայնականի վերոյիշեալ յանձնախումբի ժողովին: Անոնք, հակառակ որոշ միջադէպերու, այցը դրական գնահատեցին: